Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Շուշի Այցելութեան Հրաւէրը Մերժելու Մասին

July 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութիւնը շարք մը հարցումներ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` առնչուած Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին Պաքուի նախաձեռնութիւնը մերժելուն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան ժամանակ Արցախի խնդիրը քննարկելու հետ:

«Մենք չենք մեկնաբաներ դեսպանի ժամանակացոյցին առնչուած մանրամասնութիւնները կամ այն պատճառները, թէ ինչո՛ւ ան մասնակցած է կամ չէ մասնակցած որեւէ ձեռնարկի: Մենք կը հասկնանք, որ Պաքուի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ դիւանագիտական առաքելութիւններ, որոնք ի վիճակի չեն եղած մասնակցելու Ֆիզուլի եւ Շուշի ուրբաթօրեայ այցելութեան: Մենք չենք մեկնաբաներ Ֆրանսայի կամ Ռուսիոյ դեսպաններու ժամանակացոյցին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները: Պիտի խնդրենք, որ դիմէք Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներ` իրենց դեսպաններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններու համար»:

Անդրադառնալով վերջերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լը Տրիանի հանդիպումին ժամանակ Արցախի հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթի քննարկման մասին հարցումին` արտաքին գործոց նախարարութիւնը մատնանշեց ֆրանսական կողմի հրապարակած տեղեկատուութիւնը, ըստ որուն, Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին կողմերը իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներ խօսած են միացեալ քայլերու մասին, որոնք պիտի օգնեն հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան:

«Մենք խորապէս մտահոգ ենք անցեալ աշնան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի վերսկսման ազդեցութեամբ եւ յստակօրէն կը գիտակցինք շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական կարիքներու մասին», նշած է նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ լուծման` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգները կը սատարեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հոլովոյթին եւ հաւատարիմ են կողմերուն օգնելու` հասնելու տագնապի մնայուն լուծման` հիմնուելով Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի` ուժի չկիրարկման կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ»:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Մտադիր Է Շարունակել Աֆղանիստանին Աջակցութիւն Տրամադրելը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Օլիվիէ Ժիրու` Միլանոյի Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.