Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներ Այցելած Երկիրներուն Հայաստանի Մէջ Դիւանագէտները Հրաւիրուեցան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

July 14, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ 9-10 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներ կազմակերպուած այցելութեան մասնակցած որոշ երկիրներու Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցան:

Դեսպաններուն փոխանցուեցան իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն ուղղուած գրութիւններ, ուր յատկապէս կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացարձակապէս անընդունելի  կը նկատէ Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, որոնց կարգին` Հատրութ եւ Արցախի պատմական կեդրոն` Շուշի քաղաք, որոնք ենթարկուած են ցեղային զտումներու, իսկ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գործադրուած են պատերազմական յանցագործութիւններ եւ զանգուածային ոճրագործութիւններ: Ընդգծուեցաւ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները նմանատիպ նախաձեռնութիւններով կը փորձեն օրինականացնել Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումը եւ ամրապնդել տագնապը ուժի կիրարկումով լուծելու սեփական պնդումները:

Հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներգրաւումը նմանօրինակ այցելութիւններուն կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տուեալ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան ոգիին, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան դիրքորոշումին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Այս տեսակէտէն Հայաստանը հաստատակամօրէն կոչ կ՛ուղղէ ձեռնպահ մնալու որեւէ  գործողութիւններէ, որոնք կրնան արդարացնել ուժի կիրարկումը եւ այդպիսով իսկ խաթարել շրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ուժի կիրարկումը եւ զանգուածային ոճրագործութիւնները չեն կրնար լուծել ղարաբաղեան տագնապը, որուն լուծումը կարելի է միայն բանակցութիւններու միջոցով` միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ»:

Ըստ աղբիւրին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախաձեռնեց նաեւ քայլերու` հասցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերոնշեալ դիրքորոշումը համապատասխան այն երկիրներու մայրաքաղաքներուն, որոնք իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի մէջ հաւատարմագրած են համատեղութեան կարգով:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագէտներու Այցելութիւնը

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիս

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.