Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդավառի Եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան Կամ Պայծառակերպութեան Տօները Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

July 14, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարդավառի եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան զոյգ տօներուն առիթով կիրակի 11 յուլիս 2021-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց  եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը` անդրադառնալով կրկնակի առիթներուն, յայտնեց, թէ Վարդավառը հակաքրիստոնէական պատմական ժամանակներէն մեզի եկող յիշատակ մըն է, որուն առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները, կեանքի առատութիւն խնդրելով բարերարէն, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին եւ կը հաղորդուէին իրենց նախորդներու կեանքին յիշատակին հետ:

Իսկ երկրորդ առիթին մասին, որ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է, սրբազան հայրը յայտնեց, թէ մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն առիթներէն մին է, որովհետեւ Քրիստոս երկրաւոր կեանքի պայմաններուն մէջ  քանի մը հարազատներու դիմաց կը յայտնուի երկնային իր պայծառ փառքով: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ ուշագրաւ է այս պատահարը Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ընթացքին` աւելցնելով սակայն, թէ անցեալը չէ, որ մեր ուշադրութիւնը պէտք է գրաւէ, այլ մեր սեփական կեանքը, որովհետեւ այս առիթը մեր եկեղեցին կը նշէ, որպէսզի անով մենք նոր պայծառութիւն բերենք մեր առօրեային: «Այս երկու սրբազան առիթները այսօր կը յիշենք, որպէսզի մենք ալ զգաստանանք եւ անդրադառնանք, որ կեանքի մէջ երբեմն ուխտաւորին հաւատքով ու քայլերով պէտք է Աստուածութեան մօտենանք», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ շատ հեռացած ենք մեր պատմական անցեալէն եւ աշխարհի պայմաններուն բերումով նաեւ շատ անջատուած մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութենէն: «Տագնապի մէջ է մեր կեանքը եւ, վստահաբար, բոլորս ալ հրաշքի կը սպասենք, որ երկնային միջամտութեամբ լուսաւորուի մեր առօրեան, սակայն Աստուծոյ կապուած հաւատքը եւ ուխտաւորին ջերմեռանդութեամբ կատարած աղօթքը հրաշք կրնան ստեղծել մեր կեանքին մէջ», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.