Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ

February 7, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աուն կը դիմաւորէ Հըզպալլայի պատասխանատուները

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց  Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին   Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամներ Մահմուտ Քումաթի եւ Ղալեպ Ապու Զէյնապ:

Հանդիպումէն ետք Ապու Զէյնապ ընդգծեց, որ իրենք 6 փետրուարին Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին առիթով շնորհաւորած են զօր. Աունը եւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան ու անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային ողջոյնները փոխանցած են զօր. Աունին:

Քումաթի շեշտեց, որ զօր. Աուն ազգային անկեղծ անձնաւորութիւն մըն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանքի միջեւ ստորագրուած այդ համաձայնագիրը քանդած է լիբանանցիներուն միջեւ հիւսուած բոլոր պատերը եւ տեսակ մը վստահութիւն առթած է անոնց:

Իր կարգին, Ապու Զէյնապ շեշտեց, որ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը դարձած է ռազմավարական դաշինք, որ ոչ մէկ ձեւով կարելի է խախտել:

«Այսինքն` ով որ կ՛երազէ կամ մաղթանքներ ունի այդ համաձայնագիրը խզուած տեսնելու, ապա ան պէտք է քաջ գիտնայ, որ անոր փափաքները պիտի չիրականանան», ըսաւ ան:

Ապու Զէյնապ հարց տուաւ, թէ որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ այս հանգրուանին կառավարութեան նիստերուն կասեցումը` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի:

Ապու Զէյնապ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը զօր. Աունի հետ միջնորդութիւն կատարելու նպատակով չէ, որ Ռապիէ այցելած է` հաստատելով, որ Հըզպալլա կը զօրակցի զօր. Աունի` փողոց իջնելու եւ ժողովուրդին շահերուն ի նպաստ ցոյցին մասնակցելու հարցով:

Նշենք, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրեն դիմադրելու դերակատարութիւններ կը փոխանակեն` աւելցնելով, որ ինք կառավարութիւնը կը տապալէ իր փափաքած վայրկեանին:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի իրաւունք չունի կառավարութեան նիստերը կասեցնելու` աւելցնելով, որ այդ ձեւով Միքաթի խախտած կ՛ըլլայ սահմանադրութեան թիւ 65 յօդուածը:

 

Նախորդը

ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ԶՕՐ. ՍԵՐՐԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ ԹԱՆԱՍԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.