Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 150 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել նշեց, որ Լիբանանի կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ ինք չի նախատեսեր, որ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանցի պատասխանատուներուն դէմ պատժամիջոցներ պարտադրէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Թալալ Մերեհպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մերեհպի հաստատեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման հիմնական ելքը Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնն է: «Միայն այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ փրկել երկիրը», ըսաւ Մերեհպի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ կ՛արգիլուի բնակարաններուն, վաճառատուներուն եւ բնակելի շէնքերուն շրջակայքը գտնուող պահեստանոցներուն մէջ վառելանիւթի ամբարումը: Ֆահմի հրահանգեց նաեւ, որ ամբարուած վառելանիւթը գրաւուի: Ֆահմի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կացութիւնն ու լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով պահանջուած երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու, որպէսզի արդարութիւնը բանեցուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ստանձնած պատասխանատուները պէտք է արագ որոշումներ տան` կազմելու համար ազգային փրկութեան կառավարութիւնը, նախքան երկրին ամբողջական փլուզումը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան կոչ ուղղեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուները անձեռնմխելիութենէ զրկելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու միջոցները: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ Ռայի պատրիարքին ազգային կեցուածքներուն եւ երկրին սահմանադրութեան ու Թաէֆի Ազգային ուխտին գործադրութեան կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համերաշխութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային քաղաքական զարգացումները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը գրեթէ վերջնական է` աւելցնելով, որ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի ամբողջական փլուզում:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հաստատեց, որ Լիբանանի ապրած ներկայ հսկայ ողբերգութեան լոյսին տակ խորհրդարանը անմիջապէս պէտք էր անսար կարգ մը երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց երկրին մէջ առողջապահական արտակարգ վիճակ յայտարարելու: «Բոլորս պէտք է մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնենք», շեշտեց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին ձգձգումը` աւելցնելով, որ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը կը մղէ լիբանանեան պետութիւնը վերջնականապէս քանդելու ճակատամարտ մը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս շաբթուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացնէ կառավարութեան նոր կազմ մը: Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ Հարիրի հինգշաբթի, 15 յուլիս 2021-ին պիտի մեկնի Գահիրէ` հանդիպում մը ունենալու համար Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

 

Նախորդը

Երեւանի 2800-Ամեակին Առիթով. Երեւանի Տեսարժան Վայրերը

Յաջորդը

Ռաատ. «Գ. Պատերազմի Մը Մասին Իսրայէլի Յայտարարութիւնները Չեն Արտայայտեր Անոր Կամքը` Ո՛չ Իշխանութեան Եւ Ո՛չ Ալ Ժողովրդային Մակարդակի Վրայ»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.