Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

February 7, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ Լոնտոնի վրայով ժամանեց Պէյրութ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց նախկին երեսփոխան Նեսիպ Լահուտի մահուան առիթով: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ֆելթման դիմաւորուեցաւ ամերիկացի դեսպան Մորա Քոնելլիի կողմէ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ֆատի Աֆրամ այսօր նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուելիք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի անդրադառնան ճարտարարուեստի մարզին կացութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որ պիտի բովանդակէ քաղաքական կեցուածքներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին տեղակայուելու հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ եւ ոչ թէ նոյն շրջանին գիւղերուն մէջ:

ԶՈՒՔ Մուսպեհի մէջ երէկ առաւօտեան ալիւմինիոմի գործարանի մը մէջ հրդեհ բռնկեցաւ ելեկտրական թելերու շփումին պատճառով: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ հրդեհը կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել: Նշենք, որ հրդեհը միայն նիւթական վնասներ պատճառեց:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ սանձազերծուած արշաւները դաւադրութիւն կը նկատուին: «Նման արշաւներ մեր յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնեն 1975-ի սեւ թուականին ընթացքին բանակը թիրախ դարձնող կողմերը», ըսաւ ան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Ռապիէի դռները բաց են բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին խորհրդակցութիւններ կատարել: Ան շեշտեց, որ համախմբումի նախարարները իրենց կարգին կը հսկեն կառավարութեան արդիւնաւէտ աշխատանքին:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հիւանդանոց փոխադրուած է` բժշկական քննութիւններ կատարելու նպատակով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է օգտուիլ կառավարութեան տագնապէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան համար աշխատանքային նոր ծրագիրի մը մշակումը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ օտար դիւանագէտներ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն հետ ունեցած իրենց հանդիպումներուն ընթացքին հարց կու տան Լիբանանի մէջ սալաֆական հոսանքին գոյութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումի թղթածրարներուն մասին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն կառավարութեան աշխատանքներուն կասեցումը` աւելցնելով, որ սխալ են այն յայտարարութիւնները, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները կառավարութեան աշխատանքները կ՛անդամալուծեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի համար զօր. Միշել Սլէյման տակաւին բանակին մէջ ծառայող իր սպաներէն է եւ ոչ թէ հանրապետութեան նախագահ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Ապտել Ազիզ ընդգծեց, որ եթէ սուրիական վարչակարգը մերժէր միջամտել լիբանանեան քաղաքական կեանքին, ապա Լիբանանի կառավարութիւնը մինչեւ հիմա հրաժարած կ՛ըլլար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան վերաբերող զարգացումներուն հետ պէտք է իրապաշտ ձեւով վարուիլ:

 

Նախորդը

ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԼԱՒՐՈՎ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ «ՋՂԱԳՐԳԻՌ» ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՎԵԹՈՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.