
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները տակաւին Իրանը հարուածելու հարցով վերջնական որոշում չեն տուած:
«Չեմ կարծեր, որ Իսրայէլ արդէն Իրանի հետ ինչպէս վարուիլ որոշած է: Կը կարծեմ, որ անոնք մեզի պէս կը հաւատան, որ Իրան պէտք է իր հիւլէական ծրագիրին մէջ որեւէ քայլ կատարէ», ըսած է Օպամա` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ համակարգուած պիտի աշխատին:
«Մտադիր ենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկելու, որպէսզի Թեհրանին թոյլ չտանք հիւլէական զէնք արտադրել, որովհետեւ այդ պարագային շրջանին մէջ սպառազինութիւններու, հիւլէական սպառազինութիւններու մրցավազք պիտի սկսի», ըսած է Օպամա:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա վերջերս յայտարարած էր, որ Իսրայէլ գարնան Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան կրնայ սկսիլ:


