Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Պատասխանող Կողմը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ընտրութիւնները Ապահոված Են Սահմանադրութեան Բոլոր Սկզբունքները»

July 10, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 9 յուլիսին, Սահմանադրական դատարանը քննած է դիմումները 4 քաղաքական ուժերու, որոնք կը վիճարկեն Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այդ ուժերն են «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները:

Նոյն օրը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Սահմանադրական դատարանին մօտ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ առնուազն այս փուլին  չափազանց կարեւոր է, որ Սահմանադրական դատարանին մէջ հնչեն պատասխանները այն հարցումներուն, թէ, օրինակ, Նիկոլ Փաշինեանը իրաւունք ունէ՞ր շարունակելու երկրի կառավարութիւնը ղեկավարելը, միաժամանակ գործադրել նման ծաւալի վարչական լծակներ եւ իրականացնել, ըստ էութեան, պետական ընտրակաշառքը:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, Սահմանադրական դատարանը իր աշխատանքային որոշումով ներգրաւած է շարք մը պետական կազմակերպութիւններ, որոնք պէտք է տեղեկատուութիւն ներկայացնեն եւ պատասխաններ հնչեցնեն:

«Յուսանք, որ Սահմանադրական դատարանը կայացնէ իրաւունքի վրայ յենած որոշում, այլ ոչ թէ քաղաքական իրավիճակէն մեկնելով ձգտի հերթական արջի ծառայութիւնը մատուցել մեր պետականութեան», ըսաւ Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի ապացուցեն, որ ընտրախախտումները էական ազդեցութիւն ունեցած են ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ, ան ըսաւ. «Ապացուցման բեռը պէտք է կրէ պատասխանող կողմը: Այսինքն իրենք պէտք է ապացուցեն, որ ընտրութիւնները ապահոված են Սահմանադրութեան 7-րդ յօդուածով նախատեսուած ընտրութեան բոլոր սկզբունքները: Խնդիրը այն է, որ մենք պատշաճ ձեւով ներկայացուցած ենք, որ այդ խախտումները ունեցած են զանգուածային բնոյթ, կազմակերպուած եղած են եւ ամէնէն կարեւորը, ինք այնքան այլանդակած է ընտրութեան արդիւնքները, որ որեւէ իրական պատկեր այսօր անկարելի է ունենալ հասարակութեան մօտ առկայ տրամադրութիւններուն: Առնուազն գոնէ այն մասով, թէ ի վերջոյ քանի քաղաքական ուժ կրնային յաղթահարել նուազագոյն սահմանը»:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Դիւանը Իրաւասութիւն Չունի Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու

Յաջորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ Կը Վերանորոգուի Արցախի Խրամորթ Համայնքի Դպրոցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 18, 2026
Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.