Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 401 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է 1600 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1500 լ. ոսկիով, մազութը` 1100 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 4300 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 73.800 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 71.600 լ. ոսկի, մազութը` 55.500 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 45.900 լ. ոսկի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող ողբերգական պայմանները կ՛ենթադրեն, որ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուները զիջումներ կատարեն եւ նախաձեռնեն երկրին փլուզումը կասեցնելու ուղեգիծի մը:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յոյս յայտնեց, որ Այն Թինէի մէջ տեղի ունենալիք նիստը` խորհրդարանի դիւանին եւ վարչական հարցերու ու արդարութեան խորհրդարանական յանձնախումբին միջեւ, կ՛ուղղուի դէպի կարգ մը երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու` դիւրացնելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատական հոլովոյթը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի: Նիստին ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ առանց ձգձգումի անձեռնմխելիութենէ զրկելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննուելիք երեսփոխանները: «Պէտք է պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչուին, որովհետեւ պատիժներէ փախուստ տալու ժամանակաշրջանը վերջ գտած է», նշուեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հաղորդագրութեան մէջ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ իսկապէս ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, թէ Քաթար լիբանանեան բանակին ամսական դրութեամբ 70 թոն սննդեղէն պիտի տրամադրէ, ապա ինք կոչ կ՛ուղղէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին մերժելու այդ օժանդակութիւնը: «Ես անձամբ պատրաստ եմ նման օժանդակութիւն մատուցելու: Ձեր ուշադրութեան կ՛ուզեմ յանձնել, թէ մէկ թոն սննդեղէնն ու ընդեղէնը 500 տոլար է, այսինքն` ամբողջ օժանդակութիւնը 35 հազար տոլար է: Ամօ՛թ է մուրալ. ես պատրաստ եմ նուիրատուութիւն կատարելու», ըսաւ Ուահապ:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ պաքալորէայի պետական քննութիւնները կայացնելու առումով համախոհութիւն գոյութիւն ունի:

Նախորդը

Ռիատը` Փարիզի Վերջին Յոյսը

Յաջորդը

Համատ Հասան. «Դեղորայքի Ամսական Նպաստը 50 Միլիոն Տոլար Է»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.