Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Վիեննայի բանակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրեցին, եւ մնացեալ նիւթերը կողմերէն, մասնաւորաբար Ուաշինկթընէն որոշումի կը կարօտին»:
«Թեհրան համաձայնութեան հասնելու չ՛աճապարեր, սակայն հիւծման բանակցութիւններ պիտի չարտօնէ», ըսաւ ան` նշելով. «Իրանի մօտեցումները հիւլէական համաձայնագիրին եւ պատժամիջոցներու ջնջման նկատմամբ սկզբունքային ու յստակ են, եւ չեն փոխուիր կառավարութիւններու փոփոխութեամբ»:
«Մենք կ՛ողջունենք դրական արդիւնքներու հասնելու համար Սէուտական Արաբիոյ հետ երկխօսութիւնը եւ անոր հետ բանակցութիւններուն նկատմամբ դրական ընկալում ունինք», նշեց Խաթիպզատէ:



