Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պենզինի Կայարանները Կը Վերածուին Կռուի Դաշտի, Իսկ Փուռերու Աշխատաւորներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Բողոքի Նստացոյցի

July 7, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուսալքութեամբ համակուած հոգեվիճակով եւ իր օրուան հացը ապահովելու մտահոգութեամբ ապրող անհեռանկար լիբանանցիները երէկ շարունակեցին իրենց առօրեան. ոմանք ուղղուեցան պենզինի կայարաններ, ոմանք` դեղարաններ, ոմանք` հանրախանութներ, իսկ ոմանք մնացին իրենց բնակարանները` առանց ելեկտրականութեան եւ տարրական այլ կարիքներու` խայտառակութեան ենթարկուելով երկրին իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ:

Օր մը առաջ պենզինի կայարաններուն առջեւ գիշերած եւ օրուան տօթին ժամեր շարունակ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ շարք սպասած քաղաքացիները` խայտառակուելէ բացի ենթարկուած են նաեւ վտանգի, որովհետեւ օրըստօրէ պենզինի կայարանները կը վերածուին անապահով վայրերու, այլ խօսքով` կռուի դաշտի:

Այս շրջագիծին մէջ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի «Մետքօ» պենզինի կայարանին առջեւ արձանագրուեցաւ բախում մը, որ անհատական էր, սակայն քիչ անց վերածուեցաւ կրակոցներու` ստանալով վտանգաւոր բնոյթ:

Մինչ պաշտօնական աղբիւրներ հերքեցին այդ բախումին` բանակի գաղտնի սպասարկութեան հետ որեւէ կապ ունենալը, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Մետքօ» կայարանին դիմաց արձանագրուած միջադէպին ընթացքին ներկայ գտնուած են Պետական անվտանգութեան ոչ տարազաւոր ուժեր, որոնք բախում ունեցած են գետնի վրայ գործող եւ քաղաքացիներուն աշխատանքը դիւրացնող նոյն տնօրէնութեան հրահանգին ներքեւ գործող ուժերու հետ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ամբողջական հետաքննութիւն բացած է այդ միջադէպին հարցով:

Միւս կողմէ, Թըպնինի, Սուուանի եւ Մաժտալ Սըլմի մէջ նոյնպէս պենզինի կայարաններուն դիմաց արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին քաղաքացիներ դանակոծեցին իրար` արձանագրելով վիրաւորներ:

Նշեալ շրջաններուն մէջ բանակին միջամտութեամբ կարելի եղաւ կացութիւնը հակակշռել:

Նշենք նաեւ, որ Սայտայի ծովեզերեայ շրջանին մէջ քաղաքացի մը իր ինքնաշարժը հրկիզեց` պենզինի տագնապին եւ ինքնաշարժի սուղ արժող նորոգութեան պատճառով:

Հիւանդանոցներուն մազութ տրամադրելու առումով, սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն նաւթի ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած արտակարգ նիստին մասնակցելէ ետք յայտնեց, որ այսօրուընէ սկսեալ հիւանդանոցներուն բաւարար մազութ տրամադրելու խոստում տրուած է:

Դեղորայքի տագնապին առումով, դեղարաններու սեփականատէրերուն համախմբումը յայտարարեց, որ այսօր` չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ը վերջին պայմանաժամ է` դեղորայքի տագնապին  վերջնական լուծում մը ապահովելու, նախքան ընդհանուր գործադուլն ու ամբողջական փակումը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանին իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերելու եւ օժանդակելու, որ դեղորայքի նպաստը շարունակուի, որպէսզի քաղաքացիներուն կարելի ըլլայ դեղորայք տրամադրել` հեռու մնալով սեւ շուկայէն եւ մաքսանենգումէն:

Իր կարգին, դեղորայք ներածող ընկերութիւններու սենտիքայի նախագահ Քերիմ Ժպարա յայտնեց, որ դեղորայքի ներածումը ամիսներէ ի վեր կեցած է, եւ մինչեւ յուլիս ամսուան աւարտը Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի աղէտալի իրավիճակ, որուն ընթացքին հազարաւոր հիւանդներ պիտի զրկուին բուժումէ եւ դեղորայքէ:

Լիբանանցիներուն ապրուստին եւ օրուան հացին սպառնացող շարք մը տագնապներուն վրայ կ՛աւելնայ նաեւ հացը:

Այս շրջագիծին մէջ Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի փուռերու աշխատաւորներու սենտիքայի նախագահ Շահատէ Մասրի զգուշացուց, որ մօտիկ ապագային քաղաքացիները կրնան փուռերուն դիմաց շարքի կանգնիլ` ապահովելու համար իրենց օրուան հացը:

Մասրի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան հացը այլեւս կարմիր գիծ չէ` աւելցնելով, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը բոլոր կարմիր գիծերը անցած է արդէն:

Ան կոչ ուղղեց զօրակցելու փուռերու սեփականատէրերուն եւ ժողովուրդին ու աղքատին հացին:

Մասրի կոչ ուղղեց քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներուն, սենտիքաներուն, ժողովուրդին եւ բոլոր տուժողներուն վաղը` հինգշաբթի, 8 յուլիս 2021-ին մասնակցելու բողոքի նստացոյցի մը, որ տեղի պիտի ունենայ տնտեսութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին դիմաց:

 

 

Նախորդը

Տիապ. «Լիբանանը Օրեր Կը Բաժնեն Ընկերային Պայթումէ Մը, Իսկ Այս Կառավարութիւնը Չի Կրնար Զայն Փրկել` Առանց Եղբայր Երկիրներուն Օժանդակութեան»

Յաջորդը

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Օժանդակելու Լիբանանին` Լուծելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տագնապները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.