Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

February 7, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՄՍԵՐ

ԿՆՈՋԱԿԱՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ

Սկիզբէն կիները ջանացած են իրենց այրերուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ յաճախ յաջողած են: Մանաւանդ հռչակաւոր մարդիկ միշտ ենթակայ են եղած իրենց կիներուն քմահաճոյքին: Ադամին պատմութիւնը բոլորս ալ գիտենք: Հապա՞ սա իմաստուն կոչեցեալ Սողոմոնը ի՜նչ ի՛նչ անիմաստ բաներ ըրաւ իր ծերութեանը օրերուն, երբ իր կիներն էին իրեն իմաստութիւն տուողը…

Հակառակ ասոր` պէտք է խոստովանիլ, թէ անցնող  դարերուն ընդհանրապէս այրերը կրցած են ընտանիքին գլուխը ըլլալ, մանաւանդ` ցած դասակարգի այրերը:

Այս այսպէս էր մինչեւ անցնող մէկ-երկու դարերու սկիզբը, երբ կիներ սկսան օրուան շարժումին հետ` համընթաց իրաւունքներ պահանջել: Այրերն ալ յանուն քաղաքակրթութեա՜ն եւ լուսաւորութեա՜ն` զիջեցան ու զիջեցան, մինչեւ որ օր մը իրենք զիրենք ծուարած գտան կիներու փէշերուն տակ…

Կիները ընտանեկան մահմանադրութիւն պահանջեցին, ու ու տրուեցաւ իրենց անգիր սահմանադրութիւն մը: Սակայն կիները այս սահմանադրութեան կարգ մը յօդուածները զեղծեցին, ու այրական  բռնակալութիւնը, որ շատոնց անէացած էր, փոխարինեցին կնոջականով մը, ինչպէս որ Ռուսիոյ մէջ համայնավարները ցարական «տիքթաթուրան» փոխարինեցին «պրոլետարական տիքթաթուռայ»ով մը:

Այրը, որ առաջ ամէն բան էր, գոնէ այդպէս կը կարծէր, իր լաւատեսութիւնները փոխանցեց կնոջ, որ տան գլուխն եղաւ` այրը խոթելով կօշիկի մէջ…

Կինն է, որ փոքրիկներուն թիւը կ՛որոշէ, եւ դարձեալ կինն է, որ դպրոցը պիտի որոշէ, եւ այրն է, որ ծախսերը պիտի հոգայ…

Այն կիները, որոնք շատախօսելու տեղ չեն գտներ, կը բռնեն խորհրդարանին ճամբան… Եւ կամ խաղաղասիրութեան ճառեր կ՛արտասանեն, մինչ իրենց բարի՜ վարմունքով չեն թողուր, որ խաղաղութիւն ըսուած բանը իրենց յարկերէն ներս թափանցէ…

«Ընտանեկան սրբութի՜ւն», կան ալ կիներ, ձեռքերնին լուալով, սպասուհիի մը կը յանձնեն իրենց երեխաները:

Իսկ կարգ մը պատուելիներ ու կղերներ կը կարդան իրենց կիներուն իսկ գրած քարոզները…

Երբ կիներուն հետ խօսիս, պէտք է խոնարհիս, որպէս թէ Հիթլերին հետ է գործդ: Մինչ այր մարդուն եթէ հայհոյես իսկ, դարձեալ բան մը չէ…

Կան այրեր, որոնք իրենց կիներուն ստուերէն չեն կրնար խուսափիլ եւ կը քարոզեն, թէ աշխարհի խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ, երբ կիները բազմին իշխանական աթոռներու վրայ… Կարծէք, թէ այժմու իշխողները իրենց աթոռներուն վրայ նստելով` իրենք են իշխողները եւ ոչ թէ իրենց կիները…

ԳԵՒՕ

ՓԱՐԻԶ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՀՐԱՇՔԻ ԵՐԿԻՐՆ Է,
ՈՐ Կ՛ՈՒԶԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ»

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի լիբանանեան դիւանագէտներու ժողովին առթիւ, ֆրանսական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի մեկնաբաններէն մէկը երէկ իրիկուն յայտարարեց.

«Ահաւասիկ Արեւելքի այդ երկրին մէջ կը վերարծարծուի Արգասաբեր մահիկի ծրագիրը, մահիկ մը, զոր իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ թրջել իր սուրճի գաւաթին մէջ խոթելով:

«Արդ, այդ երազին իրագործումը, տակն ու վրայ ընելով «գոյավիճակը», պիտի պայթեցնէր Մերձաւոր Արեւելքը,- աւելցուց մեկնաբանը: – Այսօր կը տիրէ խախուտ խաղաղութիւն մը: Բայց եւ այնպէս` խաղաղութիւն է: Արդ, պետութիւններու եւ անձկալի կառավարութիւններու այս ամբողջութեան մէջ կը գտնուի փոքր երկիր մը, որ պարզապէս կ՛ուզէ խաղաղութեան մէջ ապրիլ: Այդ երկիրը Լիբանանն է»:

«Այս երկիրը հաւասարակշռութեան հրաշք մըն է» յայտարարեց մեկնաբանը` ընդգծելով, թէ երկու մեծ համայնքները` քրիստոնեայ եւ իսլամ, արդարօրէն բաժնուած են պետական մեծ պաշտօնները:

Լրագրողը եզրակացուց` ըսելով. «Որպէսզի շարունակէ հանդարտութեան մէջ ապրիլ, միաժամանակ ապահովելու համար արեւելեան Միջերկրականի կայունութիւնը, լիբանանցիք կը փափաքին, որ իրենց երկիրը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի Զուիցերիան: Ասիկա պիտի ըլլայ լաւագոյն գրաւականը իրենց անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան համար»:

 

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ
(ՔԱՂՈՒԱԾ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԵՐԹԵՐԷՆ)

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐԱՊԱԼԱՏԸ

Պատկան մարմինները վաւերացուցին Հայաստանի գրապալատի նոր շէնքին նախագիծը: Ութսուն մեթր երկայնքով քառայարկ այդ շէնքը պիտի հանդիսանայ Երեւանի ճարտարապետական ինքնատիպ կոթողներէն մէկը: Շէնքին շինութիւնը պիտի աւարտի այս տարի:

Գրապալատին մէջ պիտի կեդրոնացուին գիրքերը ստանալու եւ ղրկելու բոլոր աշխատանքները: Գրապալատը կապ պիտի պահէ աշխարհի բոլոր հրատարակչատուներուն, գրադարաններուն եւ գիրքի առեւտրական տուներուն հետ: Շէնքին վերի երկու յարկերուն մէջ կարելի պիտի ըլլայ տեղաւորել մեծ քանակութեամբ գիրքեր, իսկ անոնց դասաւորումը, առաքումի եւ ընդունումի գործողութիւնները պիտի կատարուին մեքենաներու միջոցով:

Շէնքին նախագիծը պատրաստողն է Յ. Բաբլումեան:

 

Նախորդը

Օդերեւոյթ (7 փետրուար 2012)

Յաջորդը

ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.