Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 207 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: Միւս կողմէ, Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ ներկայիս հիւանդանոցներուն հիմնական մտահոգութիւնը «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակն է` աւելցնելով, որ շնչառական բոլոր սարքերը ելեկտրականութեամբ կը բանին, եւ եթէ ելեկտրականութեան տագնապը շարունակուի, ապա մարդոց կեանքերը վտանգի ենթակայ են:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Վատիկանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին պատգամը Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու ուղեգիծ մըն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի, անդրադառնալով Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի որոշումին, յայտնեց, որ իրենք հարիւր առ հարիւր համաձայն են, որ օրէնքը գործադրուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող միակ քաղաքական ուժը հանրապետութեան նախագահին զօրակցող ուժն է: Ան յայտնեց, որ Հըզպալլան քանդած է երկիրը` աւելցնելով, որ Լիբանան պիտի փլուզուի ու կազմաքանդուի, նախքան կառավարութեան կազմութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը սկսած է մսխել Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարներէն` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն այդ քայլերուն արգելք հանդիսանալու համար:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա զգուշացուց ստեղծուելիք քաոսէն եւ լիբանանեան պետութեան ամբողջական փլուզումէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան խուլիկանները չեն բաւարարուած պետութիւնը քանդելով, այլ` անոնք կը շարունակեն բզկտել արդէն իսկ անշնչացած երկրին դիակը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ զինք համոզել, թէ լիբանանեան բանակի 120 հազար զինուորները չեն կրնար զսպել ճամբաները փակող ցուցարարները եւ վերաբանալ փակուած մայրուղիները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ մաքսանենգումը Լիբանանի դէմ գործուող մեծագոյն ոճիրն է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր Հըզպալլայի պատասխանատու Խալիլ Հարպը ամբաստանեցին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային շրջանին մէջ թմրեցուցիչի եւ զէնքի մաքսանենգում կատարելու յանցանքով:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապէն Խնդրեց Օգտակար Դառնալ Արցախի Պատերազմի Գերինեու Վերադարձին

Յաջորդը

Շիա. «Կը Մաղթեմ, Որ Յառաջիկայ Տարուան Ընթացքին Պատասխանատու Քայլեր Առնուին` Լիբանանը Իր Տագնապներէն Դուրս Բերելու Նպատակով»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.