Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացանք Աւետիսը, Տարոսը Բոլոր Հայ Աշակերտներուն

July 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ի՞նչ լուր արդիւնքներէն:

– Տակաւին նորութիւն չկայ…

Այսպէս երկու օրեր անցան` նոյն հարցումները տալով եւ կրկնելով:

Յանկարծ կէս գիշերին, ժամը 11-էն ետք, «ուաթսափ»-ային հաղորդումներով տեղեկացանք, որ արդիւնքները ելած են: Տնօրէնուհի եւ քարտուղար ուղղուեր են Ճեմարան: Ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը արթուն կը սպասեն: Եւ վերջապէս ելաւ աւետիսը` ամբողջական յաջողութիւն, զանազան գնահատականներով:

Այո՛, Լիբանանի ճգնաժամային այս օրերուն, երբ բոլորս վայրկեանը վայրկեանին նորութիւններու կը սպասենք, պատահեցաւ այնպէս, որ Ֆրանսական կրթական պատասխանատուները եւս չկրցան յարգել իրենց խոստումը եւ իրենց իսկ յայտարարած օրը չկրցան հրապարակել արդիւնքները, սակայն մենք` լիբանանցիներս վարժուած ենք յարմարելու բոլոր իրավիճակներուն: Սպասեցինք եւ ստացանք պատասխանը:

Այս բոլորը մէկ կողմ ձգենք: Կարեւոր կէտը, որ իսկապէս յուզեց զիս եւ անգամ մը եւս հաստատեց, որ չենք սխալած մեր ընտրութեան մէջ եւ մեր զաւակները ապահով եւ գուրգուրոտ ձեռքերու յանձնուած են:

Քիչ են այն հաստատութիւնները, որոնց տնօրէնը եւ քարտուղարը պատրաստ կ՛ըլլան իրենց ազատ ժամերը զոհելու յանուն գործի յաջողութեան: Կէս գիշերային ուսուցչական կազմին կազմ ու պատրաստ վիճակը կու գայ փաստելու մէկ ընտանիք ըլլալու իրողութիւնը:

Մենք` ծնողներս, կը գիտակցինք այսօրուան ուսուցիչի եւ դաստիարակի ծանր պարտականութիւնը ստանձնած իւրաքանչիւր անձի արժէքին` սկսեալ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական կարգեր: Անոնց գուրգուրոտ վերաբերումը, յարատեւ խնամքը եւ մեր զաւակներուն ուղի հարթող աշխատանքը պէտք է յոյժ գնահատել: Այո՛, պատահած է, որ գանգատներ ունեցած ենք, դժգոհած ենք այս կամ այն ուսուցիչի վերաբերմունքէն կամ դպրոցի որդեգրած կեցուածքէն, բայց անոնք անցողիկ եղած են, եւ նոյնիսկ անոնք փաստած են, որ ծնողք-դպրոց կապը ճիշդ հիմերու վրայ դրուած է, անկեղծ է ու անկաշկանդ:

Անգամ մը եւս հրապարակաւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ուսուցչական ասպարէզը ընտրող հերոսներուն, ի մասնաւորի` Ճեմարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան: Ձեր վարձքը կատա՛ր:

ԾՆՈՂ ՄԸ

Նախորդը

«Յուշարարները»

Յաջորդը

Սլաքներ. Չոր ու Դաժան Իրականութիւններու Դիմաց` Չնաշխարհիկ Վարքագիծ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.