Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՀՈՍՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԸ

February 6, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական երկիրներու տարածքին արձանագրուող զարգացումներուն մասին հայկական կարգ մը լրատուամիջոցները, ինչպէս շրջանային նման իրադարձութիւններու պարագային, կը շարունակեն առնուազն ոչ ինքնուրոյն լրատուութիւններ հրապարակել: Աւելի մանրամասնելու համար ըսենք, որ միջազգային լրահոսի տրամադրածը ամբողջութեամբ վերարտադրելով, խորքին մէջ այդ լրատուամիջոցները կամայ-ակամայ տուեալ պետութեան  փոխանցելիք պատգամներուն հայկական զանգուածներուն հասանելիութիւնը կ՛ապահովեն:

Այս հաստատումը անշուշտ չի վերաբերիր միայն հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն: Միջազգային լրատուամեքենաներուն արտադրութիւնները գրաւած են համապատասխան շուկան եւ հանրային կարծիքը մնայունօրէն կը կողմնորոշեն: Լարուած արհեստավարժ մեքենականութիւններով իրադարձութեան մը տարողութիւնը կրնայ հազարներով բազմապատկուիլ կամ նոյն չափերով շատ արագ մանրանալ կամ նոյնիսկ ամբողջութեամբ անուշադրութեան մատնուիլ:

Քաղաքականացուած լրատուութեան պարզ տեսութիւն է այս մէկը, որ կը թուէր, թէ ներկայ տեղեկատուական բաց համակարգին մէջ պիտի փոխէ իր ուղղութիւնը եւ հաշուի առնէ   առարկայական տեղեկատուութեան պահանջը:

Իրադարձութիւններու տարողութիւններուն բազմապատկումն ու մանրացումը միայն քաղաքական ուղղուածութեամբ դէպքերու լուսաբանումին չեն միտիր բնականաբար` այլ կը նախապատրաստեն հանրային կարծիքի ենթահողը` տուեալ պետութեան առնելիք քայլերը ընկալելի դարձնելու առումով:

Եթէ անհրաժեշտ է միջազգային միջամտութիւն մը որոշող բանաձեւ մը, ուրեմն պէտք է սփռել տիրող իրավիճակին ահաւորութիւնը, հակամարդկայնութիւնը, աղէտալի հաւանական հետեւանքները: Այդպէս էր, երբ  Իրաքի պատերազմի նախօրեակին, անվերջ կը լուսաբանուէր քիմիական, կենսաբանական եւ զանգուածային ոչնչացման զէնքերը զինուորական միջամտութեամբ չէզոքացնելու կոչուած գործողութիւններու անյետաձգելիութեան մասին:

Միւս կողմը, տեղեկատուական յարձակումներէն պաշտպանուելու իր հեւքին մէջ, ի հարկէ ոչ նոյն արհեստավարժութեամբ, կը ցուցադրէ, կը սփռէ կամ կ՛արծարծէ այս անգամ միայն իր պետութեան քաղաքականութեան յարիր նկատածը: Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ տեղեկատուութեան դաշտին մէջ ստեղծուած բեւեռացումը բնականաբար չի  ներկայացներ իրողական պատկերը:

Տեղեկատուական սեւ-սպիտակի այս խաղը միայն տագնապալի իրավիճակներուն չի վերաբերիր անշուշտ: Ընդհանուր  է անիկա, եւ ներկայ բաց համակարգը փոխանակ փորձելու  իրողական բնութագրումներ տալ, մեծ մասամբ բեւեռացածի արձագանգումները կը կատարէ երկկողմանիօրէն:

Խնդիրը բարդ է եւ այս սիւնակներուն մէջ կարելի չէ նոյնիսկ ամփոփել անոր բնութագրիչները: Վերադառնանք հայկական տարածքին` ըսելու համար, որ անկախ ծայրայեղացուած տեղեկատուութիւնները մաքրազտելու լրագրական պարտականութենէն, հայկական լրատուամիջոցները ուղղակի խնդիր ունին ազգային ոսպնեակէն նաեւ մեկնաբանելու հարցերը: Բնականաբար թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ միջինարեւելեան երկիրներուն վերաբերող իրադարձութիւնները լուսաբանելու պահուն անմիջականօրէն միջազգային լրահոսի ազդեցութեան տակ ինկած կ՛ըլլանք, երբ խօսինք հայ գաղութներուն մօտ ստեղծուած խուճապի մասին, այդ երկիրներու հայաթափման եւ զանգուածային արտագաղթին մասին:

Կամ ալ  լրատուամիջոց մը երբ իբրեւ զգուշ եւ լոյալիստ կեցուածք կը մեկնաբանէ հաստատում մը, թէ` «սուրիահայ գաղութի պարագային այս պահու դրութեամբ որեւէ զանգուածային արտահոսք չի նկատուիր», կը նախանշէ, որ ինք յայտնուած է արդէն միջազգային տեղեկատուութեան անմիջական ազդեցութեան տակ:

Ի հարկէ չէ բացառուած, որ իրադարձութիւններու ապահովական առումով սրումին եւ քաղաքացիական ընդհարումներու պարագային նման մտահոգիչ իրավիճակներ ստեղծուին ինչպէս տեղւոյն ազգաբնակչութիւններուն, նաեւ մեզի համար: Այս հանգրուանին սակայն խուճապային կացութեան մասին բարձրաձայնելը ինքնին կը նպաստէ խուճապային իրավիճակի նախադրեալներ ստեղծելու աշխատանքին:

Առարկայական լրատուութիւն հրապարակելը կը թուի դժուար իրականանալի աշխատանք ըլլալ մանաւանդ տեղեկատուական հարթիչ գլաններու ներկայ համակարգին մէջ: Գերզգօնութիւնը աւելի քան հրամայական է այս պարագային լրատուութիւնը մաքրազտելու եւ մանաւանդ անոր մեկնաբանութիւնը  ազգային ոսպնեակէն անցընելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՀՈՍՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՃՈՆ ԹԵՐԻԷՆ ԽԼՈՒԱԾ Է ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ԽՄԲԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.