ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 66 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, չորեքշաբթի, 30 յունիսին եւ հինգշաբթի, 1 յուլիսին, ցերեկային եւ գիշերային նիստերով: Պիտի քննարկուին եւ վաւերացուին շարք մը օրինագիծեր:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի զգուշացուց ընկերային անվտանգութեան վատթարացումէն, որովհետեւ հասարակութեան մէջ կայ աղքատութիւն եւ անօթութիւն: «Ժողովուրդը կրնայ ամէն բան հանդուրժել, բացի իր զաւակներուն անօթութենէն, հետեւաբար երկիրը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ քաոսային իրավիճակ: Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք պաշտպանելու համար քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ սեփական եւ պետական կալուածները», հաստատեց ան:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութինը հերքեց բոլոր այն լուրերը, թէ Պրէօվէի պետական քննութիւնները ջնջուած են:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլան, Դիմադրութիւնը եւ անոր զօրակցող ժողովուրդը յանձնառու կը մնան կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան վերականգնումին եւ տնտեսական ու դրամատնային մարզերուն վերահզօրացման: «Բայց եւ այնպէս կան ուժեր, որոնք կը մերժեն կառավարութեան կազմութիւնը. անոնք իրենք զիրենք լաւ կը ճանչնան, իսկ քաղաքական շրջանակներ անոնց նպատակներուն քաջածանօթ են», ըսաւ Ռաատ:


