Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը թոյլատրեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2021-2022 տարեշրջանի մրցումները սկսիլ համակիրներով:
Ցարդ յստակ չէ սակայն, որ մարզադաշտերը ամբողջութեամբ պիտի լեցուի՞ն, թէ՞ ոչ:
Ըստ ոչպաշտօնական լուրերուն, պիտի արտօնուի դաշտերը լեցնել միայն 75 տոկոսով:
Նշենք, որ Սպանիոյ աւարտած ախոյեանութեան վերջին քանի մը հանգրուանի մրցումներուն հանգրուանային ձեւով արտօնուեցաւ համակիրներուն դաշտ մուտքը:



