26 յունիսին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ սահմանին վրայ 4,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: Այս մասին կը յայտնէ Եւրոպական¬միջերկրականեան երկրաբանական կեդրոնը:
Ցնցումներու կեդրոնը գտնուած է շուրջ 283 հազար բնակիչ ունեցող Քարլսռուէ քաղաքէն 59 քիլոմեթր հարաւ¬արեւմուտք եւ 3 քիլոմեթր խորութեան վրայ:



