Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:



