ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Դպրեվանքի ուսանողութեան տարիներէս մինչեւ այսօր յատուկ երկիւղով եւ ներգրաւումով դիտած եմ ու կը դիտեմ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի, նոյնանուն մատրան խորանի սրբապատկերը` Ս. Աստուածամօր եւ Յիսուս մանուկի գեղանկարչութիւնը: Իւրայատուկ լրջութիւն եւ քաշողականութիւն մը ունի, որ միշտ զիս ներշնչած է եւ տարբեր ոգի մը դրած է ներսիդիս: Կրնամ պատկերացնել, թէ քանի՜ սերունդներ` եկեղեցական եւ աշխարհական, այս սուրբ մատրան տաքուկ շունչով մեծցած եւ հաւատքի սնունդ ստացած են: Քանի՜ սերունդներ Յիսուս մանուկի պատգամախօս հայեացքը իրենց ենթագիտակցութեան, հոգիի ու սրտին խորերը պահելով, մեկնած են այս սուրբ մատուռէն:
Միացեալ Նահանգներէն վերադառնալէս ետք, դպրեվանքի առօրեային, այս անգամ` իբրեւ դպրեվանքի տեսուչ, առիթ եղաւ առաւել մտերմութեամբ դիտելու սրբապատկերը եւ տարբեր հոգեւոր հաղորդակցութիւն մը հիմնելու իմ եւ անոր միջեւ: Բաւական ժամանակ խորահայեաց դիտելէ ետք անդրադարձայ, որ պատկերը աստուածաբանական խորք մը ունի` անկախ այն իրականութենէն, որ իր գեղեցկութեամբ եւ լրջութեամբ կը յաջողի հոգեւոր ուժ մը մեղմօրէն ներշնչել այն բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք հաւատքով կը դիտեն զայն:
Այս գրութեամբ ուզեցի գեղանկարչական եւ աստուածաբանական վերլուծում մը ընել պատկերին, այն յոյսով, որ օգտակար կ՛ըլլայ ընթերցողներուն, յատկապէս անոնց, որոնք առիթը կ՛ունենան հոգեւոր մտերմութիւն մը ստեղծելու սրբապատկերին հետ:
Առաջին հերթին կ՛ուզեմ անդրադառնալ սրբապատկերին վրայ արձանագրուած գրութեան: Սրբապատկերին վրայ, ձախ կողմը ներքեւը, կարմիր ներկով արձանագրուած է հետեւեալը.
«Ի յիշատակ ծնողաց իւրոց Օհան եւ Մաքրուհի Սիւրմէնեան որք նահատակեցան ի տարագրութիւն յամի Տեառն 1915. Տիկին Աղաւնի Գ. Տիւրկէրեան ի մերազնէից Հելիոպոլսոյ Եգիպտոսի նուիրէ զայս պատկեր Սրբոց Թարգմանչաց Եկեղեցւոյս Կաթողիկոսական Աթոռոյն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յԱնթիլիաս: 1931 – ՌՅՁ»:
Ինչպէս արձանագրութենէն կը հետեւցնենք, այս պատկերը նուիրուած է Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ, որ այսօրուան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին տեղը եղած է, եւ կաթողիկոսութիւնը Անթիլիաս հաստատուելէն ետք ծառայած է իբրեւ մայր տաճար: Գեղանկարչութեան իբրեւ հեղինակ` հետեւեալ ստորագրութիւնը կը գտնենք` «Պ. Pierri», որ մեզի հեղինակին անձին մասին սպառիչ տեղեկութիւններ չի հաղորդեր:
Խուսափելով պատկերին հեղինակին եւ կամ պատմականին մասին անդրադառնալէ` կ՛ուզեմ ներկայացնել սրբապատկերին գեղեցկութիւնը եւ աստուածաբանական հոգեւոր արժէքը, որ կը ներկայացնէ:
Ամէնէն շատ զիս հմայողը սրբապատկերին մէջ Յիսուս մանուկին նկարագրումն է: Ձեռքերը եւ նոյնիսկ ոտքերը այնպիսի յատուկ դիտաւորութեամբ գծուած են, որ զօրեղ հոգեւոր պատգամ մը ունի տալիք դիտողներուն: Յիսուս, իր մանուկ հասակով, ձեռքերը լայն բացած է դէպի դիտողները: Ընդհանրապէս ձեռքերը կը բացուին ողջագուրուելու կամ գիրկընդխառնուելու համար: Յիսուս մանուկը այնքան լայն բացած է, որ կարծէք ըսել կ՛ուզէ, որ իր ձեռքերուն մէջ կրնան բոլորը բաւել, եթէ նոյնիսկ մանուկի ձեռքեր են: Ձեռքերը հրաւէր մը կը կարդան` կանչելու բոլորը: Մանուկին սէրն ու անմեղութիւնը ընդհանրապէս ոեւէ անձի համար չի կրնար չգրաւել, չճմլել եւ թանձրացած հոգիները կակուղցնել: Իսկ եթէ այդ մանուկը Յիսուս Փրկիչն է, հետեւաբար անոր անմեղութեան կ՛աւելնայ, Անոր անգերազանցելի զոհողութեան երակները, որոնցմէ առատօրէն արիւններ հեղեղուեցան` կաթիլ-կաթիլ հասնելու բոլորիս: Ի մասնաւորի այս պատկերին մէջ Յիսուս մանուկին բացած ձեռքերը ցոյց կու տան, որ ի՛նք նոյնինք խաչուելիք մանուկն է: Յիսուս մանուկ հասակէն գիտէր եւ այդ նպատակով մարմնացած եւ մարդացած էր, որպէսզի աշխարհը ազատէ մեղքի գերութենէն: Կարծէք այդ մանուկ ձեռքերը արդէն խաչելութեան գամերուն տեղերը կը պատրաստէին, կը զգային` անտեսելով ցաւը, եւ կ՛ուզէր միայն իր սիրով մեզ կանչել ու հրաւիրել իր շնորհած փրկութեան: Խաչելութեան պատգամին իմաստը միայն իր ձեռքերուն մէջ չեն, այլ մանաւանդ` ոտքերուն նկարագրումին մէջ: Ս. Մարիամ Աստուածածին Յիսուսը իմաստալից կերպով գրկած է: Գեղանկարիչը ներկայացուցած է մանուկին ոտքերը, այնպէս, ինչպէս խաչին վրայ իրարու վրայ պիտի ամփոփուէին` փայտին գամուելու համար: Կարծէք Յիսուս մանուկը ամբողջ մարմնով խաչին վրայ է, գամուած` ձեռքերէն եւ ոտքերէն, սակայն այս պարագային` իր մօրը ձեռքերուն մէջ:
Յիսուս մանուկին զգեստը, որ ամբողջութեամբ մէկ կտոր է եւ մէկ գոյնի` սպիտակ: Սպիտակ գոյնը ցոյց կու տայ Քրիստոսի անմեղութիւնը, սրբութիւնն ու արդարութիւնը, որ բերաւ մարդը զարդարելու, այլ խօսքով` փրկութեան շնորհքը տալու: Շատ յաճախ նման հագուստով չենք գտներ Յիսուս մանուկը պատկերներուն մէջ, սակայն գեղանկարիչը դիտմամբ ուզած է այս ձեւով ներկայացնել` առաւել իմաստ տալու Յիսուսի փրկագործութեան նշանակութեան:
Յատկանշական են նաեւ Յիսուս մանուկին մատները: Իր փոքր մատներով, երկու ձեռքերուն մէջ, թիւ երեք նշանը ըրած է: Բնականաբար մեզի յայտնի նշան մըն է, որ կ՛ակնարկէ Սուրբ Երրորդութեան: Սուրբ Երրորդութեան նշանը այստեղ են, պարզապէս չի պատգամեր, որ Յիսուս Սուրբ Երրորդութեան դէմքերէն մէկն է, այլ կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ Սուրբ Երրորդութիւնը անբաժանելիօրէն Յիսուսի մանկութենէն մինչեւ խաչելութիւն Իր հետ էր: Սուրբ Երրորդութիւնը նաեւ Յիսուսի հետ խաչուեցաւ եւ գամուեցաւ խաչին վրայ, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ դաւանանքին համաձայն, Սուրբ Երրորդութիւնը միշտ անբաժանելի մնաց Յիսուսի հետ իր երկրաւոր առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն, եթէ նոյնիսկ միայն քանի մը առիթներով Սուրբ Երրորդութեան միւս դէմքերը իրենք զիրենք յայտնեցին տարբեր ձեւերով:
Հետեւաբար Յիսուս մանուկին ձեռքերն ու ոտքերը թէ՛ մանկական անմեղութիւնն ու բարութիւնը կ՛արտայայտեն եւ թէ՛ միաժամանակ կը յիշեցնեն մեր Փրկիչին կրած խաչելութեան տառապանքներն ու անբացատրելի չարչարանքները: Հեղինակը, բացառիկ ստեղծագործութեամբ, յաջողած է երկու ծայրայեղութիւնները ներդաշնակօրէն միաձուլել` ամփոփելով Յիսուսի երկրաւոր առաքելութիւնը եւ նպատակը: Գեղանկարիչին յաջողութիւնը մանաւանդ կը կայանայ այս բոլոր ներդաշնակութիւնները ներկայացնել թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ գեղանկարչական նրբութիւններով:
Անդրադառնալով Յիսուս մանուկին պայծառ դէմքին, ուր դիտողը կը գտնէ այնպիսի խաղաղարար նայուածք մը մեր Փրկիչին կողմէ, մոռցնել կու տայ, որ ինք չարչարալից խաչելութիւն ունեցած է եւ կամ պիտի ունենայ: Իր մանկունակ դէմքին վրայ ունի տարբեր լրջութիւն մը: Կապոյտ աչքերուն մէջ կան նոյնիսկ թեթեւակի արցունք, որ կը մարմնաւորէ Յիսուսի մարդկային զգացումն ու մարդեղութեան նշանները: Դէմքի պայծառութիւնը, ոսկեգոյն մազերը, լուսեպսակն ու ճառագայթող շողերը, որ մինչեւ իր ճերմակ զգեստէն վար կը հոսին, կը խորհրդանշեն Քրիստոսի յարութեան լոյսը, որ յաղթեց մահին ու մեղքին` փրկութիւն տալով ամբողջ մարդկութեան:
Սրբապատկերին մէջ, Յիսուս մանուկի կերպարին կողքին, իւրայատուկ ուշադրութեան արժանի է Ս. Մարիամ Աստուածածնի կերպարը: Տիրամայրը աչքերը գրեթէ փակած, նրբօրէն եւ սակայն ապահով ձեռքերով գրկած է մեր Փրկիչը: Դէմքին վրայ կարելի է նկատել Աստուածամօր փոքր կամ երիտասարդ ըլլալը եւ նաեւ հասունութիւնն ու յոգնածութիւնը միաժամանակ: Ս. Աստուածածինին ձեռքերուն գրկած ոճին մէջ, բերկրանք մը կայ, սակայն միւս կողմէ` դէմքին վրայ կայ դառն տխրութիւն մը: Այդ դառն տխրութիւնը ցոյց կու տայ Ս. Աստուածածնի մայրական հոգիի խռովքը, որովհետեւ կը գիտակցէր, որ իր գրկած Որդին Փրկիչն է աշխարհի եւ այն Գառնուկն է, որ չարաչար զոհ պիտի երթար աշխարհի մարդկութեան համար: Գեղանկարիչը կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ Ս. Աստուածածինը սկիզբէն գիտէր, որ իր գրկածը այն Մեսիան է, որ խաչելութեամբ պիտի մաքրէ մեղքը աշխարհէն: Կարծէք Ս. Մարիամ Աստուածածինը մարգարէական տեսիլքով տեսած էր Յիսուս մանուկին կրելիք բոլոր չարչարանքները, որ նոյնիսկ իր քողին տակ չէր կրնար պահել իր հոգեկան խռովքը:
Նախքան Յիսուս «գրկուի» խաչին վրայ` ամէնէն առաջ գրկուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի սուրբ արգանդին մէջ: Այլ խօսքով, Ս. Մարիամ Աստուածածնի սուրբ արգանդը առաջին «փափուկ» խաչը եղաւ, ուրկէ մեզի յայտնուեցաւ մեր Փրկիչը` իբրեւ Մեսիա: Այդ պատճառով մեր եկեղեցւոյ պատարագի սկիհը կը խորհրդանշէ թէ՛ Ս. Մարիամ Աստուածածնի արգանդը եւ թէ՛ այն խաչը, որուն վրայ Յիսուս զոհաբերուեցաւ: Ահաւասիկ, նոյն իմաստով սրբապատկերին մէջ, Ս. Մարիամ Աստուածածինը կը ներկայացնէ այն արգանդն ու խաչելութեան փայտը, ուրկէ մեզի փրկութիւն եկաւ:
Ս. Մարիամ Աստուածածին գրկած է ամբողջ մարդկութեան Փրկիչը: Սակայն այդ շնորհքը ունենալու համար իր մէջ, ծածկապէս, գրկած է այն անտանելի ցաւը, որ ապրեցաւ իր Որդիին հետ, բոլորիս համար: Սրբապատկերին մէջ Տիրամօր դէմքի վրայ ներկուած շուքը այդ բոլորը կը բացայայտեն ու կը պատմեն:
Սքանչելի սրբապատկեր մըն է, որ կու գայ` զգալու հաւատացեալներուն ցաւերուն հետ եւ միաժամանակ քաջալերելու, սիրով լեցնելու, նեղութիւններն ու ցաւերը ամոքելու: Ո՛չ ոք կրնայ հասկնալ որդեկորոյս մօր մը վշտակիր սիրտը, սակայն Ս. Մարիամ Աստուածածինի այս պատկերը կու գայ ցաւակից ըլլալու բոլոր սգաւորներուն: Ո՛չ ոք կրնայ հասկնալ դժուարութիւններով լեցուն կեանք մը ապրող անհատի մը դժբախտութիւնները, որոնք երբեմն կը հասնին յուսալքութեան եզրին, սակայն Սրբուհի Կոյսը նաեւ իր ձեռքերուն մէջ կու տայ այն դարմանն ու յոյսը, որ կրնայ բժշկել, նորոգել, կերպարանափոխել, լուծել եւ փառաւորել բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները:
Եզրակացնելու համար կրնամ ամփոփել այս գլուխ գործոց սրբապատկերը երկու բառով` «Խաչեալ մանուկը»: Յիսուս մանուկը կը տեսնենք խաչեալ, սակայն` առանց արիւնի, գամի, խաչափայտի, փշեպսակի, չարչարալից դէմքի, գեղարդի, կամ չարչարանքի այլ գործիքներու, որովհետեւ Քրիստոս քաղցրացուց ցաւը եւ մխիթարեց մահը, իր սիրոյ զոհողութեամբ` խաչելութեամբ: Ինչ որ կրեցին Յիսուս եւ իր մայրը, ամփոփեցին ու ծածկեցին սիրոյ ամէնէն ազդեցիկ ձեւով: Այդ սէրը ինչի՞ կը մղէ հաւատացեալին, որպէսզի ան կատարէ: Յիսուսին ձեռքերը կը բացատրեն. «Ինծի եկէ՛ք…», «[քու տեղդ] ես յաղթեցի աշխարհին»:
Պիտի խուսափիմ հոգեւոր պատգամ աւելցնելէ սոյն սրբապատկերին բացատրութեան վրայ եւ պիտի թողում ընթերցողին եւ կամ անոնց, որոնք առիթը ունին մօտէն տեսնելու եւ անոր առջեւ աղօթելու: Սակայն, պատահական չէ այն իրականութիւնը, որ բազմաթիւ հաւատացեալներ տարիներ շարունակ հոգեկան անբացատրելի ապրումներ ունեցած եւ շատ հաւանաբար հրաշքներ ապրած են այս սրբապատկերին միջոցով: Սրբապատկերին իմաստն ու խորհուրդը նաեւ շատ դիւրաւ կը փոխանցուի անգիտակցաբար, որովհետեւ ս. խորանի «քարայր»-ին մէջ Մայր ու Որդի մեզի սիրոյ փրկութեան պատգամ մը պահած են` գեղեցիկ գոյներու եւ գիծերու անբացատրելի ներդաշնակութեամբ:



