Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեր Տեղքայլը

June 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ընտրութիւնները կը պատկանին ժողովուրդին»:

Ապրահամ Լինքըլն
(1809-1865, Միացեալ Նահանգների
16-րդ նախագահ)

Արտահերթ ընտրութիւններուն ստեղծուած կացութիւնը իբրեւ տեղքայլ բնութագրելը վստահաբար մեղմ է եւ արդարօրէն չի ներկայացներ իսկական պատկերը:

Մինչեւ իսկ տեղքայլի մէջ չենք:

Պարզ խօսքով, փլուզո՛ւմն է, որ տարբեր պայմաններու տակ կը շարունակուի, եղելոյթ մը, որ ծայր առած էր Հայաստանի… վերանկախացման առաջին օրէն իսկ:

Փլուզում կամ քանդում, որ սկսաւ երեսուն տարի առաջ` չարաշահութիւններով, փտածութեամբ, զեղծարարութեամբ եւ նորագոյն արտայայտութիւնը գտաւ… «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» եւ անշուշտ` 44-օրեայ պատերազմ: Վերջին շաբաթներուն,  ընտրապայքարի վերջին մրցավազքին, աւերը շարունակուեցաւ մուրճով, ոչ գերարդիական քանդիչ գործիք մը, որ Նիկոլ Փաշինեան գործածեց իր ընտրարշաւին` իբրեւ խորհրդանիշ շարունակելու քանդումը:

Աւելորդ չ՛ըլլար ընդգծել, որ ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի տուեալներուն,  ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն թիւն է երկու միլիոն 593 հազար 572, որոնց միայն 49,4 առ հարիւրը, այսինքն մէկ միլիոն 281 հազար 174 քաղաքացի մասնակցած է քուէարկութեան: Այս համեմատութեան պատկերը գրեթէ միեւնոյնն է երեսուն տարիէ ի վեր: Նոյնքան ուշագրաւ է, որ մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն թիւն ալ չէ բարձրացած, հոն ալ տարօրինակ տեղքայլ մը կայ… Այս պատկերին լոյսին տակ յատուկ իմաստ կը ստանայ Ապրահամ Լինքըլնի վերոյիշեալ կարճ ու յստակ խօսքը:

Հաւաքուած քուէներուն թիւերն ու ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն, դաշինքներուն եւ հոսանքներուն քանակը նմանապէս զարմանալի տարօրինակութիւն մը կը ներկայացնէ: Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան (53,92 առ հարիւր), «Հայաստան» դաշինքի (21,04 առ հարիւր) եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի (5,23 առ հարիւր) հաւաքած քուէներէն անկախ, տասնեակներով խմբաւորումներ հաւաքած են 2-3 առ հարիւրէն (քանի մը հատը) մինչեւ մէկ առ հարիւրէն (գրեթէ մեծամասնութիւնը) պակաս ձայն: Արդ, սա ի՞նչ տեսակի ժողովրդավարութիւն է կամ ազատ արտայայտութեան իրաւունքի կենսագործում, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն աւելի քան կէսը հեռու մնացած է քուէատուփերէն: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս տասնեակ մը տարբեր թեկնածու խմբաւորումներու ներկայութիւնը` անտարբերութեան դիմաց: Այս փոքրամասնութիւններուն հաւաքած քուէները միասնաբար կրնան հասնիլ քսան առ հարիւրի: Շօշափելի թիւ մը, համեմատութիւն մը կամ ներկայութիւն մը, որ դժբախտաբար շոգիացած է:

Փաստօրէն «Իմ քայլը» վերածուած է տեղքայլի, մինչեւ իսկ` ետդարձի:

Ընտրութեան յաջորդ օրը, երբ իր ամբոխահաճ գործընթացը շարունակելով Փաշինեան այցելեց Եռաբլուր եւ ծնրադիր խոնարհեցաւ նահատակներու շիրիմներուն առջեւ, բացայայտ էր, որ ան դարձեալ կը խաղար ժողովուրդի զգացումներուն հետ, այնպէս` ինչպէս ըրած էր վերջին ամիսներուն, բազմիցս: Իրա՛ւ որ. ի՞նչ կը նշանակէ քաղաքական, ռազմական եւ երեւակայելի ու աներեւակայելի բազում ապիկարութիւններէ, հողի ու մատղաշ կեանքերու յումպէտս զոհաբերումէն ետք, երթալ ու կսկիծ կեղծել նահատակներու շիրիմներուն առջեւ, սարքել նոր բեմադրութիւններ, որոնց տարբերակներուն ականատես եղանք ընտրապայքարի օրերուն… «Իմքայլականներ»-ն ու անոնց վարիչը որքա՜ն հմտացած են նման քարոզչական մեքենայութիւններու մէջ…

Դժուար է համոզուիլ, բայց յունիս 20-ին պատահած նոր փլուզումը բաւականանանք տեղքայլ սեպելով, նայինք յառաջ` փրկելու համար հայրենիքը:

 

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Զուլումաթին Նուիրուած Հայերէն Եւ Քրտերէն Երգերու Ուսանելի Խորհուրդները (Նահատակութեան 110-Ամեակի Առիթով)

Յաջորդը

«Խաչեալ Մանուկը»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.