Եւրոպական Միութեան ղեկավարները 24 յունիսին տեղի ունեցած վեհաժողովին յաջորդած հռչակագիրին մէջ յայտնած են բազմաթիւ ոլորտներու մէջ Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը խորացնելու մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Փաստաթուղթը կը յայտարարէ, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները «թեքնիք աշխատանք» սկսած են Թուրքիոյ հետ Մաքսային միութիւնը թարմացնելու ուղղութեամբ:
Հռչակագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ գաղթի, առողջութեան, կլիմայի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերեալ բարձր մակարդակի երկխօսութեան :
Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին մասնակիցները «Եւրոպական յանձնաժողովէն խնդրած են` անյապաղ պաշտօնական առաջարկ ներկայացնել Թուրքիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն աջակցելու վերաբերեալ»:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն մտադիր է Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին քննարկել Սուրիայէն գաղթականներ ունեցող երկիրներու լրացուցիչ ֆինանսաւորումը: Դիւանագիտական որոշ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ խօսքը Թուրքիոյ 3,5 միլիառ եւրօ տրամադրելու մասին է:



