Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը տեղեկացուց, որ նախանցեալ օր եւ երէկ (22 եւ 23 յունիս) թիւ 2, 3, 4, 5, 6, 7, 9, 10, 11, 13, 14, 17, 23, 24, 25, 33, 34 եւ 35 տարածքային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ կատարուեցան առանձին տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկի աշխատանքներ:
Վերահաշուարկի աշխատանքներուն ներկայ գտնուեցան համապատասխան տեղամասային ընտրական յանձնախումբներու անդամները, ընտրութիւններուն մասնակցած կուսակցութիւններու վստահուած անձեր, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ դիտորդներ:
Վերահաշուարկուած են ընդհանուր 65 տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ 27 տեղամասերու մէջ թեկնածուներուն տրուած կողմ ձայներու որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած, որմէ 15-ին մէջ ընդհանրապէս որեւէ տուեալի փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:
Վերահաշուարկուած միւս տեղամասերուն արդիւնքներուն լոյսին տակ արձանագրուած են ձայներու հետեւեալ փոփոխութիւնները (- նուազում, + յաւելում).
«Արդար Հայաստան»` – 8, «Հայ ազգային քոնկրես»` 0, «Քաղաքացիական պայմանագիր»` + 659, «Զարթօնք» -2, «Ազատութիւն»` 0, «Պատիւ ունեմ»` + 5, «Միասնական հայրենիք»` + 1, ՀԱՊ` 0, «Լուսաւոր Հայաստան»`-1, «Հանրապետութիւն»` + 1, «Հայոց հայրենիք` + 2, «Ազատ հայրենիք» դաշինք` -10, «Բարգաւաճ Հայաստան»` + 5, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն` 0, «5165 ազգային պահպանողական»` + 1, «Քաղաքացու որոշում»` 0, «Շիրինեան- Բաբաջանեան» դաշինք` + 52, «Ազգային օրակարգ»` -1, «Վերելք»` -19, «Ազատական»` -2, «Հայաստանի եւրոպական»` -1, «Հայաստան» դաշինքը` + 744, «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ»` -60, «Ինքնիշխան Հայաստան` + 52:
24 յունիսին պիտի շարունակուին վերահաշուարկման աշխատանքները:



