Հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, դահուկարշաւի ֆետերասիոնը «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ կազմակերպեց 2020-2021 տարուան ախոյեանութիւններու մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը, որուն ընթացքին որդեգրուեցան «Քորոնա» ժահրի բոլոր նախազգուշութիւնները:
Այս առիթով դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին եւ նախարարութեան անձնակազմին, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ լիբանանեան ֆետերասիոնին դիրքը միջազգային մակարդակի վրայ պահել, ինչպէս նաեւ քուէարկելու իրաւունքը չկորսնցնել` նկատի ունենալով մեր բոլոր պարտաւորութիւնները յարգելու եւ կատարելու հանգամանքը:
Իր կարգին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ինք դահուկարշաւի ֆետերասիոնին աշխատանքային բոլոր մանրամասնութիւններուն ծանօթ է` հակառակ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական ծանր պայմաններուն, ինչպէս նաեւ կացութիւնը աւելի եւս վատթարացնող «Քորոնա»-ի համաճարակին:
Ան նշեց, որ ինք պատասխանատուներուն հետ հետապնդումներէ ետք դահուկարշաւի յատուկ կեդրոնները բանալու արտօնութիւն կրցած է ապահովել մարզական ու զբօսաշրջական մղումներով եւ ֆետերասիոնին հետ համադրաբար:
«Դահուկարշաւի եղանակը յաջողութեամբ աւարտեցաւ. այս առիթով կը շնորհաւորեմ ձեզ, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորեմ լիբանանցի ախոյեանները` տեղական եւ արտաքին իմաստով անոնց արձանագրած փայլուն նուաճումներուն համար, հակառակ Լիբանանի տագնապալի առօրեային: Մեծագոյն մրցանակը կ՛երթայ ախոյեաններուն եւ անոնց զօրակցող ծնողներուն: Կը շնորհաւորեմ դահուկարշաւի ֆետերասիոնը, անոր աշխուժ ընթացքն ու արձանագրած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ կը մաղթեմ, որ յառաջիկայ եղանակը շատ աւելի լաւ ու ձեռնտու պայմաններ կը ստեղծէ դահուկարշաւի մարզաձեւին եւ վիրաւոր Լիբանանին համար», ըսաւ ան:
Հանդիսութեան աւարտին նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան ստացաւ յուշանուէր մը: Իր կարգին, դահուկարշաւի ախոյեան Սամեր Թաուք ստացաւ գնահատանքի յուշանուէր մը` նկատի ունենալով, որ ան դահուկարշաւի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ չորս ամսուան հիւանդանոցային խնամքէ ետք ապաքինեցաւ:
Նշենք, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ նետարձակումի ֆետերասիոնի նախագահ Ժաք Թամերը` ընկերակցութեամբ կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Քատեր Անթարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նետարձակումի ֆետերասիոնին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մարմնակրթութեան մարզը բարգաւաճեցնելու միջոցներն ու Լիբանանի մէջ բոլոր մարզաձեւերը ընդգրկող բարեկամական միջազգային մրցաշարք մը կազմակերպելու կարելիութիւնները` մասնակցութեամբ արաբական, ասիական եւ եւրոպական երկիրներու:




