Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 46 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի նորընտիր նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիին: Շնորհաւորական իր հեռագիրին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Ռայիսիի մէջ իրենք կը տեսնեն ամուր բերդ մը եւ հզօր նեցուկ մը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի Արեւմտեան Պեքաայի եւ Ռաշայայի Մուսթաքպալ հոսանքի պատուիրակութեան հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ իշխանութիւնը ամբողջական պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժբախտութիւններուն համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պրրի տակաւին տէրն է կառավարութեան կազմութեան առումով իր առաջադրած նախաձեռնութեան, որուն հիմնական նպատակն է Լիբանանի պաշտպանութիւնը: Ան շեշտեց, որ պէտք է ընդառաջել Պըրրիի նախաձեռնութեան, որովհետեւ անիկա առկայ միակ միջոցն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ պիտի շարունակեն համաձայնութեան գոյացումը պահանջել` երկրին փլուզումը արգիլելու նպատակով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ թնճուկը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մէջ չի գտնուիր` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իրաւունք ունի մասնակցելու բոլոր նախարարներուն նշանակումին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրաւասութիւններու եւ շահերու մասին բոլոր յայտարարութիւնները խիստ մերժելի են, որովհետեւ լիբանանցիներուն ապրուստը կարեւորագոյնն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը երկրին տագնապին լուծման պարտադիր անցքն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ հրաժարեալ կառավարութիւնը պէտք է աշխուժացնէ իր աշխատանքները եւ հետապնդէ չարաշահող առեւտրականները: «Այդպիսով, կառավարութիւնը իր նուազագոյն պարտականութիւնը կատարած պիտի ըլլայ` քաղաքացիները պաշտպանելու իմաստով», հաստատեց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը վերջ գտած է, այնպէս ինչպէս ֆրանսական նախաձեռնութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը կարելի է լուծել միայն հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին միջեւ համաձայնութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն հաստատեց, որ Լիբանանը քանդումի առաջնորդած ելեւմտական քաղաքականութեան մէջ դրամատուները գործընկեր կը նկատուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ պենզինի տագնապին հարցով պէտք է որոշում տայ եւ այդ առումով ստիպէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն` գործադրելու այդ որոշումը:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ իրենք պէտք է վերադառնան իրենց արաբական շրջանակին եւ Լիբանանը հեռու պահեն շրջանային միջամտութիւններէն, ինչպէս նաեւ առանցքներու բախումներէն:

 

 

Նախորդը

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Քրայտիէ. «Համացանցի Ծառայութիւնը Պիտի Շարունակէ Գոյատեւել, Սակայն Անիկա Կրնայ Հարցեր Դիմագրաւել»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.