Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Մեկնած Է Ուաշինկթըն. Օրակարգի Վրայ Են Իրանն Ու Կազան

June 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւի շաբաթ կէս գիշերէն ետք «աշխատանքային կարեւոր գործով» վեցօրեայ այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ անոր օրակարգին վրայ են Իրանն ու Կազան:

Ան իր այցելութեան ընթացքին աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ ամերիկեան բանակէն պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:

Օրաթերթը նշեց, որ Քոխաւի «պիտի քննարկէ օրակարգի վրայ եղող հասարակաց հարցեր, որոնց շարքին` իրանեան հիւլէական սպառնալիքին, Միջին Արեւելքի մէջ տեղաւորուելու Իրանի ջանքերուն, Հըզպալլայի հզօրացման ջանքերուն, ճշգրիտ հրթիռներու հետեւանքներուն ու միացեալ ուժ հաստատելու վերաբերող հարցեր»:

«Յաւելեալ կարեւոր հարց մը պիտի ըլլայ իսրայէլեան բանակին հեռակառավարուող ռումբերու եւ «Դարպասներու պահակ» գործողութեան ընթացքին օգտագործուած «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգի հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու պահեստներուն մատակարարում կատարելու իսրայէլեան դիմումը», աւելցուց «Ետիոթ Ահրոնոթ»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը Նաֆթալի Պենեթի` Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն ետք իսրայէլացի պաշտօնատարի մը առաջին այցելութիւնն է Միացեալ Նահանգներ:

Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Քոխաւիի պաշտօնավարութիւնը:

 

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դուրս Կը Բերեն Միջին Արեւելքէն` Զանոնք Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Դէմ «Ուղղելու» Համար

Յաջորդը

Եմէնեան Զինեալ Ուժերը Ամերիկեան Լրտեսական Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Վար Առնուիլը Յայտարարեցին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.