Ուաշինկթըն համամիտ չէ այն պնդումներուն, թէ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը ձեռնտու էր միայն Ռուսիոյ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճէյք Սալիվըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախագահներու մակարդակով հանդիպումը Փութինի համար իբրեւ հարթակ ծառայած է:
«Նախ Վլատիմիր Փութինը հարթակ ունի` ան հիւլէական տէրութիւններէն մէկուն ղեկավարն է: Մեր տեսանկիւնէն` մենք պէտք է անոնց հետ վճռական ու կարծր վարուինք` հիմնուելով մեր սկզբունքներուն վրայ: Ինչպէս նախագահ Պայտըն ըսած է, բարդ եւ լարուած յարաբերութիւնները պահպանելու համար դէմ առ դէմ երկխօսութեան այլընտրանք չկայ», ըսած է Սալիվըն:
Ան նաեւ նշած է, որ Պայտըն կ՛ուզէր Փութինի հետ դէմ առ դէմ քննարկել վիճայարոյց հարցերը, այդ իսկ պատճառով կար նման ձեւաչափով հանդիպում կազմակերպելու անհրաժեշտութիւն:



