Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Պետականութեան Պահպանման Համար

June 19, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը ճակատագրական օր է մեր երկրի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Առիթ է մեր համազգային երթը վերահունաւորելու դէպի պետականութեան ամրակայում, դէպի արժանապատիւ խաղաղութիւն:

Հարուածուած են մեր պետականութեան յենասիւները: Գլխատուած են պաշտպանական եւ դիւանագիտական համակարգերը: Չէզոքացուած է ներհասարակական համերաշխութիւնը: Անջատուած է խաղաղութեան արժանապատիւ բնոյթը:

Աշխարհաքաղաքական գործընթացները չեն ընթացած մեզի  ի նպաստ. անոնք գործի դրուած են, երբ պետական մակարդակով հրամցուած են խաղաթուղթերը օգտագործելու հնարաւորութիւններ: Յայտարարութիւններով, ռազմաքաղաքական քայլերով, դիւանագիտական մակարդակի վրայ բանակցային անել ելքեր ձեւաւորելով եւ հակազդեցութեան կարգով վարչակառավարման դրութեան մէջ հակապետական մտածողութեամբ շարժելով:

Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները սկզբունքով կոչուած են հանգուցալուծելու այս դժուար կացութիւնը: Դժբախտաբար նախընտրական քարոզարշաւը որեւէ ձեւով չլիցքաթափեց լարուած մթնոլորտը. աւելի ճիշդը` գերլարեց եւ շիկացուց արդէն իսկ անհանդուրժողականութեամբ յատկանշուած հասարակական դաշտը:

Ընտրութիւններու նախօրեակին գումարուած ՀՅԴ Լիբանանի Շրջանային ժողովը, հայաստանեան իրավիճակին վերաբերեալ կը կատարէր հետեւեալ հաստատումը.

«ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը իր ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին բոլոր կեցուածքներուն` բողոքի ու անհնազանդութեան ցոյցերէն մինչեւ «Հայաստան» դաշինքի ձեւաւորում, որոնց նպատակը Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին փրկութիւնն է եւ արցախեան Բ. պատերազմի աղէտին պատասխանատու իշխանութիւններուն հեռացումը: Ուստի, ժողովը հայրենի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէ համախմբուելու «Հայաստան» դաշինքին շուրջ` պաշտպանելու համար Հայաստանի պետականութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ հեռացնելու հայրենակործան ու հողատու ներկայ իշխանութիւնը»:

Այս բանաձեւին մէջ կան վերջին շրջանին մեր երկրին ապրած ծանրագոյն հոլովոյթի ընդհանուր ուղղութիւնները: Բողոքի եւ անհնազանդութեան ցոյցերը հետեւած էին  նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ յայտարարութեան: Քաղաքագիտական եւ հասարակագիտական տարրական օրինաչափութիւնները կը յուշէին, որ նման ծանր պարտութիւն կրած գլխաւոր պատասխանատուն պէտք է ներկայացնէր հրաժարական: Ընդդիմադիր դաշտի համախմբումը սակայն անձի հրաժարականով կամ իշխանութեան ստանձնումով չէր պայմանաւորեր ժողովրդային շարժումը: Անցումային կառավարութիւնը պիտի վերահաստատէր ներհասարակական համերաշխութիւնը, պետութիւնը վերականգնէր, ազգային օրակարգը վերադարձնէր կառավարութեան սեղանին եւ անկէ ետք կազմակերպէր արտահերթ ընտրութիւններ: Շարժումը չզանգուածայնացաւ տարբեր պատճառներով:

Այժմ, ինչպէս կը հաստատէ 72-րդ Շրջանային ժողովը, կայ տարածքային ամբողջականութեան եւ պետականութեան պաշտպանութեան հրամայական: Խախտած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը: Ոտնձգութիւններ կատարուած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն ուղղութեամբ: Պարտուած վիճակի մէջ Երեւանը կը նախապատրաստուի նոր միակողմանի համաձայնագիրներու ստորագրութեան: Սահմանագծման եւ սահմանազատման գործողութիւններու անուան տակ Պաքուն կը նախապատրաստուի արցախեան խնդիրը վերջնականապէս լուծել, իսկ Անգարան կը վերաբարձրաձայնէ իր  նախապայմաններուն մասին:

Պարտուած ուժի, պարտուած գլխաւոր պատասխանատուի փոփոխութիւնը  մեկնակէտ է ու նախապայման նոր յանձնուողականութիւններու չդիմելու. ներհասարակական համերաշխութիւնը կայացնելու, պետականութեան դիրքերը վերաամրակայելու եւ բանակցութիւններու նոր էջ բանալու:

Վաղը անձի փոփոխութեան խնդիր չէ, որ դրուած է. ո՛չ ալ սոսկ իշխանափոխութիւն իրականացնելու սովորական կարգով: Խնդիրը ուղղակիօրէն կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան եւ  պետականութեան պահպանման:

Համազգային այս երկու սկզբունքներու պաշտպանութեան յանձնառութիւնն է, որ պիտի կատարէ հայ ժողովուրդը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Բազմահազարնոց Ամփոփիչ Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 24-ի Լուծում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.