ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 170 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Մոսկուա: Քանի մը օրուան այցելութեան ընթացքին Իպրահիմ հանդիպումներ պիտի ունենայ ռուս պատասխանատուներու հետ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը կրնայ վերջին առիթը ըլլալ կառավարութեան կազմութեան առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութիւն կատարելու միջազգային յանձնախումբ մը յառաջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ժահժահ յայտնեց, որ այս իմաստով Հզօր հանրապետութիւն պլոքը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղած էր նամակ մը, եւ Վրոնեսքայէն խնդրեց այդ պահանջը հետապնդել:
ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ բնական է եւ ինքնաբուխ, որ իր անունը նկատի առնուի իբրեւ վարչապետի թեկնածու` նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին պարագային:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակցելու բոլոր ժողովրդային շարժումներուն, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց ձեւերն ու միջոցները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա նամակ մը յղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` ընդգծելով, որ կարելի չէ պետութեան աւազակութեան ականատես ըլլալ եւ լուռ մնալ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ երկիրը կարիք ունի առողջապահական կառավարական մարզին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Պուսթանի յայտնեց, թէ ոմանք կը փափաքին երկրին փլուզումը տեսնել, որպէսզի երկրին իշխանութիւնը եւս փուլ գայ` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն արգիլելու այդ հոլովոյթը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ երկրին իշխանութեան օրինականութիւնը ձախողած է եւ առկայ է ժողովուրդը աղքատացնելու ռազմավարութիւնը:


