Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 45 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր շաբաթավերջ «Քորոնա» ժահրին դէմ «Ֆայզըր» պատուաստումի մարաթոնը պիտի վերանորոգուի: Ան աւելցուց, որ դեղորայքն ու բժշկական սարքերը կան մեծ քանակութեամբ` ընդգծելով, որ պէտք է որդեգրել այդ բոլորին նոր սակեր ճշդելու քաղաքականութիւն մը: Հասան երէկ Պէյրութի մէջ անակնկալ այցելութեամբ մը ներխուժեց դեղորայք եւ տարրալուծարանային պիտոյքներ պարունակող պահեստանոց մը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ բացումը կատարեց մարոնի եկեղեցւոյ առաջնորդ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութիւն չկազմելով կը քանդուին պետութեան կարողութիւնները, կը տարածուի փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ թափ կը ստանայ մաքսանենգումը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ճոաննա Վրոնեսքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի ու արտերկրի լիբանանցիներու գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ մեկնեցաւ Քաթար` մասնակցելու համար արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստին, որ պիտի գումարուի այսօր, Տոհայի մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ իրանեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ գտնուող իրանցի քաղաքացիները, որոնք 18 տարիքը բոլորած են, կրնան Լիբանանի մէջ մասնակցիլ Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 18 յունիս 2021-ին: Նախագահական ընտրութեան մասնակցիլ փափաքող իրանցիները իրենց անձնաթուղթով կամ անցագիրով պէտք է ուղղուին Պէյրութի իրանեան դեսպանատուն, Նապաթիէի Իմամ Հիւսէյն մզկիթ կամ Պաալպեքի Իմամ Մեհտիի մզկիթ` քուէարկութեան մասնակցելու համար: Ընտրութեան մասնակցութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ձերբակալուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծելու նպատակով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը աւելի քան դրական է` աւելցնելով, որ այս փուլը վերջին առիթ մըն է այդ նախաձեռնութիւնը գործադրելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան այն կեցուածքը, որ պէտք է քաղաքական նեղ հաշիւներէն հրաժարիլ ու համաձայնութիւն գոյացնել, ոմանց նեղացուցած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը կրնայ երկիրը դատարկ օղակի մը մէջ զետեղել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ չկայ խելք ունեցող անձնաւորութիւն մը, որ կ՛ընդունի ստանձնել Լիբանանի իշխանութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւնը` հաստատելով, որ իւրաքանչիւր օրուան ուշացում կը նշանակէ յաւելեալ փլուզում: Ան պահանջեց Լիբանանի մէջ յայտարարել տնտեսական-ընկերային արտակարգ իրավիճակի դրութիւն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը դիմադրեն կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու, որոնք կը փափաքին անձնական շահեր իրագործել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհուրդները լսելը պատճառ պիտի դառնայ, որ տօնն ու տօնակատարութիւնը անցնին: «Պըրրի իր շահերը կը պաշտպանէ, հետեւաբար ինչո՞ւ դուն քու կարգիդ շահերդ նկատի չես ունենար», Հարիրիին հարց տուաւ Ուիամ Ուահապ:

«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ անձնական օդանաւով մը մեկնած է Նիս:

 

 

Նախորդը

Ուրկէ՞ Կու Գանք, Ո՞ւր Կ՛երթանք – Ա.

Յաջորդը

Մայիս Ամսուան Ընթացքին Բանակը Գրաւեց 570 Քկ Թմրեցուցիչ, 142 Զէնքեր Ու Ձերբակալեց 686 Յանցագործներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.