Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան` Ամէն Բանէ Վեր

June 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւի հինգերորդ օրն ենք. ուրբաթ, 11 յունիս 2021: Յօդուածը երբ լոյս տեսնէ, երկու կամ երեք յաւելեալ օրեր անցած կ՛ըլլան. արդեօք աւելի յստակութեան ականատես կը դառնա՞նք, թէ՞ կը շարունակուի ցարդ ցուցադրուած անմակարդակ ու անհեռանկար քարոզչութիւնը: Իշխանութիւնը ժամանակաւորապէս գրաւող ուժը յամառօրէն կը շարունակէ բանավիճիլ անցեալի քննադատութեան նիւթերուն շուրջ, ինչպէս որ ըրած էր իր իշխանութեան երեք տարիներու տեւողութեան: Վերջին երեք տարիներու ձախողումները եւս կը վերագրուին նախկիններուն: Իսկ մօտաւոր թէ միջին հեռաւորութեամբ ապագային մասին ոչ մէկ ծրագիր, ոչ մէկ նախատեսութիւն: Ոչ մէկը լրիւ կ՛արտայայտէ կրկնուող իշխանական պատգամը. կայ վերադարձ երեք տարուան վաղեմութեամբ սպառնալիքներուն: Նիկոլ Փաշինեան ընտրողներուն առնուազն 60 առ հարիւրին ձայները կ՛ակնկալէ, խոստանալով «թաւշեայ» ղեկավարումը փոխարինել «պողպատեայ» ղեկավարմամբ, այսինքն` առկայ քաոսային վիճակը աւելի խորացնել, թշնամանքը արմատացնել, հանրութեան երկպառակութիւնը մնայուն դարձնել: Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, ուսումնական-կրթական ոչ մէկ ծրագիր: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, ամէն բան լաւ ու ճշգրիտ է կատարուած, բայց խանգարողներ կան, որոնք պէտք է պատուհասել:

Հարցերու ներկայացման այս եղանակին նպատակն է շեղել գոյութիւն ունեցող բարդ ու անմիջական լուծում պահանջող խնդիրներուն արծարծումը, լուծումներու որոնումը, առաջարկներու ներկայացումը: Ամէնօրեայ խծբծանքներուն պատասխանելով, ընդդիմադիրները հնարաւորութիւն չեն ունենար իրենց գաղափարները ներկայացնելու եւ բանական քարոզարշաւ կատարելու: Բարեբախտաբար, ընդդիմադիրները հասկցած են արդէն մաշած այս մարտավարութիւնը եւ քիչ, շատ քիչ կ՛արձագանգեն ցեխարձակումներուն: Արդի՞ւնքը. կը ստացուի ոչ թէ բանավէճ, այլ խուլերու խօսակցութիւն: Ընտրողը հրաւիրուած է ոչ թէ ծրագիրներու ու գաղափարներու միջեւ ընտրութիւն կատարելու, այլ ընտրացուցակները գլխաւորող անհատներէն մէկը ընտրելու: Համակրանքի կամ հակակրանքի հիման վրայ: Իսկ շատ պոռացողը, շատ ճվճվացողը, շատ ամբաստանողը կը կարծէ, որ որքան բարձր գոռայ, այնքան իրաւունք կ՛ունենայ:

Քարոզարշաւի մնացած օրերուն կը յուսանք, որ պղտոր ջուրերը հետզհետէ կը պարզուին, բանականութիւնը կը փոխարինէ ամբոխավարութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կը յաղթանակէ: Սովորական ու ընթացիկ ընտրութիւն մը չէ, որ կոչուած ենք կատարելու: Ընդդիմութիւնը կ՛ուզէր, որ ստեղծուէր առժամեայ կառավարութիւն մը, որ խաղաղեցնէր մթնոլորտը ու ապա դիմէր ընտրութեան: Իշխանութիւնը, գիտնալով, որ հանդարտ ու բանական մթնոլորտի մէջ կատարուող ընտրութիւնը նպաստաւոր չէ ամբոխավարութեամբ կերակրուող իր ընթացքին, պարտադրեց ընտրութեան արագացուած կայացումը, ինչպէս ըրած էր 2018-ի դեկտեմբերին: Բայց ժողովուրդի զգալի թիւ մը արդէն հասկցած է նման հապճեպ, դաւադիր որոշումին դրդապատճառը ու երես թեքած սուտ յեղափոխականներէն, որոնք երկիրը մատնեցին աղէտի:

Շատ չմնաց. Հայաստանը պիտի ազատուի պետական ու ազգային մտածողութենէ զուրկ բախտախնդիրներէն ու իրենց առաջնորդ հանդիսացող մակաբոյծէն: Պիտի յաղթանակէ ճշմարտութիւնը, իմաստութիւնը, ազգ, հայրենիք ու պետութիւն ամէն բանէ վեր դասող բանականութիւնը:

21 յունիսին պիտի դիմաւորենք նոր արշալոյս մը, վերստին անկախացած Հայաստանի արշալոյսը. կորսուածը վերագտնելու, աւերուածը վերաշինելու, քանդուածը վերակերտելու համար յամառ ու քրտնաթոր աշխատանքի հրաւիրման առաւօտը:

Հայաստան` ամէն բանէ վեր:

 

Նախորդը

Սլաքներ. Անգլուխ Հայաստան…

Յաջորդը

Ընտրել Կայ… Եւ Ընտրել Ալ Կայ…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.