Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ին, վաղը` կիրակի, 13 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի գարնանային 36-րդ ռելին, մասնակցութեամբ 20 վարորդներու:
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ Ապտօ Ֆըղալիի վերադարձը, որ վերջին քանի մը տարիներէն բացակայած էր` կախակայուած ըլլալուն պատճառով:
Ռելիին կը մասնակցին նաեւ քուէյթցի, քաթարցի, իտալացի եւ յորդանանցի վարորդներ:
Նշենք, որ ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 232,27 քմ:
Անոր մեկնարկը պիտի տրուի «Քազինօ Տիւ Լիպան»-էն, առաւօտեան ժամը 7:00-ին:



