Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի միջազգային մրցաշարքը կը մօտենայ իր աւարտին:
7-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ Շանթ Սարգսեան, որ ապահոված է 4,5 կէտ, կը հանդիսանայ յառաջատար:
4-ական կէտ ունին Դաւիթ Պառաւեան, Սամուէլ Տէ -Սահակեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան:
Մրցաշարքի աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 ճատրակ խաղացողներ:



