Միացեալ Նահանգներ կը սպասեն ԱՖղանիստանէն ՕԹԱՆ-ի զօրքերուն հեռացումէն ետք Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանը պաշտպանելու վերաբերեալ Թուրքիոյ որոշումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ» թերթը:
Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ շարունակական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Քապուլի օդակայանին վերաբերեալ եւ նշած, որ այդ որոշումը պէտք է տայ անձամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան նշած է, որ Էրտողան ի՛նչ որոշում ալ տայ, իրենք զայն պիտի յարգեն:
Նշենք, որ Թուրքիան համաձայնած է սեպտեմբերին ՕԹԱՆ-ի զօրքերու հեռացումէն ետք իր վերահսկողութեան տակ առնել Քապուլի միջազգային օդակայանը` ՕԹԱՆ-ի հետ կնքելով 130 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր մը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նշած է, որ Թուրքիան պիտի պահպանէ ԱՖղանիստանի մէջ իր զօրքերուն ներկայութիւնը` դաշնակիցներէն ելեւմտական, քաղաքական եւ նիւթական ու թեքնիք աջակցութիւն ստանալու պարագային միայն:



