Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմի Մանուկները…

June 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Նկարը՝ Լուսինէ Սահակեանի

Մեծ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի անժամանցելի «Les enfants de la guerre» երգը կը շարունակէ հնչել արդարութեամբ ու պատմական ճշգրտութեամբ. անոր անմահ, թրթռացող ձայնով երգի բառերը կ՛արտացոլացնեն պատերազմի իւրաքանչիւր մանուկի տուայտանքը:

Իրօ՛ք, «պատերազմի մանուկները մանուկներ չե՛ն»:

Պատերազմի մանուկներու մահիճները կը ճօճուին կեանքի ու մահուան միջեւ: Անոնց օրօրները սոսկ մեղեդիներ չեն, այլ` ծնողական աղօթքներ, ողջ մնալու աղերսանքներ, հեծկլտանքներ ու հեկեկանքներ:

Պատերազմի մանուկները, ռումբերու ձայներէն սարսափած, սոսկ դողդոջուն էակներ չեն, այլ` զարհուրած հոգիներ, որոնք երբեմն նոյնիսկ կը զրկուին իրենց միակ ապահով վայրերէն` ծնողական գոգերէն, մայրական ջերմութենէ եւ հայրական շուքէ:

Պատերազմի մանուկները սոսկ մանուկներ չեն. անոնք պատերազմի ոճիրներու ողջ նահատակներ են, որոնք տակաւին նոր ծնած, կեանքի փոխարէն,  մա՛հը կը համտեսեն իւրաքանչիւր կենսախոց ռումբի շկահիւնի հետ:

Հայոց ցեղասպանութեան որբերը եւս մանուկներ չէին: Անոնց տեսած բարբարոսութիւնները այլ մանուկներ չտեսան, եւ անոնց ապրած արհաւիրքը այլ մանուկներ չապրեցան:

Լիբանանի արիւնահեղ եղբայրասպան պատերազմի եւ իսրայէլեան պատերազմներու մանուկները եւս կը վկայեն:

Պատերազմի մանուկներու շղթայի օղակներուն ագուցուեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մանուկները, որոնց մանկութիւնը խլեցին ցեղասպան թուրքն ու անոր հոգեհարազատ ազերին` աշխարհի մեղապարտ լռութեան քողին ներքեւ:

Եւ ահա, վերջերս սարսափելի ճակատագիր ունեցան պաղեստինցի անմեղ մանուկներ. անոնց լացն ու դիակները սիրտ ճմլեցին:

Պատերազմի մանուկները սոսկ մանուկներ չե՛ն. պատերազմի մանուկները խաղաղութեան ծարաւի անյագուրդ լուսեղ հոգիներ են:

«Արեւելեան կողմն աշխարհի» եւ ամէնուրեք «Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…»:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայաստանի Հարաւային Սահմաններու Ապահովութիւնը

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.