Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքը Սիւնիքի Մէջ Բազմամարդ. Հանրահաւաքներով Սկսաւ Ընտրարշաւը` Երկրին Արժանապատիւ Խաղաղութիւն Բերելու Խոստումով

June 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» դաշինքը քարոզարշաւի առաջին օրը սկսած է Սիւնիքէն: Երէկ` երկուշաբթի, 7 յունիս 2021-ին բազմամարդ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ Կապանի մէջ:

Սիւնիքի հանրահաւաքի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ամենեւին պատահական չէ, որ ընտրարշաւը կը սկսին Սիւնիքէն` Սիւնիքը Հայաստանի դարպասն է, այս չարիքի կառավարութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշը:

«Մեր ժողովուրդին այս օրերուն հայրենադաւը կը վախցնէ նոր պատերազմով` ըսելով, որ եթէ «Հայաստան» դաշինքը գայ իշխանութեան, մեզի կը սպասէ նոր պատերազմ. «Հայաստան» դաշինքը այն քաղաքական միաւորն է, որ Հայաստանին պիտի բերէ արժանապատիւ խաղաղութիւն», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ ընդհանրապէս, խաղաղութիւնը չեն մուրար, խաղաղութիւնը կը պարտադրեն, եւ «արժանապատիւ խաղաղութիւն» ըսելով` իրենք ատիկա նկատի ունին:

Գալով իշխանութեան` յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին պիտի վերակազմակերպեն հայոց բանակը, իսկ յետոյ 3 տարուան ընթացքին ամբողջութեամբ պիտի լուծուի բանակի սպառազինութեան հարցը:

Ան նկատել տուաւ, որ չկայ աշխարհի մէջ որեւէ արժանապատիւ պետութիւն, որ չունի հզօր բանակ:

«Այո՛, Հայաստանի մէջ կայ ապագայ, Սիւնիքի մէջ կա՛յ ապագայ, հայ ժողովուրդը ունի ապագայ, բայց այդ ապագան առանց Նիկոլի է», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ եթէ Հայաստանի քաղաքացին այսօր թշնամիին դէմ չի պայքարիր Սիւնիքի մէջ, վաղը ստիպուած պիտի ըլլայ զայն դիմաւորելու Հիւսիսային պողոտային մէջ:

«Ուրեմն 20 յունիսը նաեւ կռիւի օր է, մարտի օր է, այս չարիքի իշխանութիւնը քշելու օր է, ուրեմն 20 յունիսին` դէպի ուժեղ Հայաստան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Երէկ Քաջարանի մէջ եւս տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի  հանրահաւաք, որուն ընթացքին համայնքի ղեկավար Մանուէլ Փարամազեան յայտարարեց, որ մեր փրկութեան ու վերելքի միայն մէկ  ճամբայ կայ, եւ անիկա «Հայաստան» դաշինքին հետ է` աւելցնելով. «Յաղթանակած նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդութեամբ մենք կրնանք դուրս գալ համազգային նուաստացումէն: 20 յունիսին մենք պիտի ընտրենք մեր ազգայինը, հերոսականը, յաղթանակը»:

«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ` պատահական չէ, որ քարոզարշաւը «Հայաստան» դաշինքը կը սկսի Սիւնիքէն:

«Սիւնիքը այս ազգադաւ իշխանութեան պայքարի խորհրդանիշն է: Սիւնիքն էր այն դարպասը, Հայաստանի դիմադրութիւնը, որ մեզի ուժ կու տար Երեւանի եւ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Մենք միասին պէտք է սուտին, ամբոխավարութեան, կեղծիքին, պարտուողականութեան վերջ դնենք: Հայաստանին պէտք է իշխանութիւն, որ ունի իր ժողովուրդին նկատմամբ պատասխանատուութիւն: Պէտք է իշխանութիւն, որ տէր կանգնի պետութեան, ժողովուրդին եւ երկրի սահմաններուն», նշեց «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան քաջարանցիներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, թէ երկիրը պէտք է հանենք ստեղծուած իրավիճակէն, ինչ որ, նախ եւ առաջ, երկրի անվտանգութեան վերականգնումն է:

«Երկիրը պէտք է հանենք ստեղծուած իրավիճակէն. երկրի անվտանգութեան ողնաշարը բանակի վերականգնումն է: Պէտք է ընենք ամէն ինչ, որ մեր զոհերը «յանուն ոչինչի» չըլլան: Դուք գիտէք այդ արտայայտութեան աղբիւրը: Մենք առաջ պիտի տանինք Հայաստանը, որ ունէր ամէնէն մարտունակ համբաւը այս շրջանին մէջ: Պէտք է ասիկա վերականգնենք, հակառակ պարագային մենք պիտի ըլլանք այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնք իրենք իրենց ուժերով ի վիճակի չեն պահելու իրենց սահմանները, նոյնիսկ պաշտպանել սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Ասիկա լաւ բան չէ: Մենք յարգանք պիտի չունենանք աշխարհի հզօրներէն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ վերականգնենք մեր ինքնիշխանութիւնը եւ ինքնուրոյն պահենք մեր երկրի սահմանները: Երկրորդը տնտեսական վերելքն է: Ես յաջողած եմ մէկ անգամ` 1998-2008-ին ատիկա ընել: Ես այսօր, այստեղ կը խոստանամ, որ ատիկա անգամ մը եւս պիտի ընենք», Քաջարանի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:

Նախորդը

Ռոպերթ Քոչարեանի Կոչը` Քարոզարշաւի Մեկնարկին

Յաջորդը

Ակնարկ. Շարունակուող Հրաժարականներու Պարփակած Կոչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.