Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուող Փոխադրամիջոցային Ենթակառոյցները Շատ Կարեւոր Են Թուրքիոյ Համար» Կ՛ըսէ Քարաիսմայիլօղլու

June 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլու Ազրպէյճանի եւ Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարբեր շրջաններու մէջ պաշտօնական հանդիպումներ կ՛ունենայ: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Մենք կը գտնուինք Ֆիզուլի (Վարանդա)-Շուշի ինքնաշարժներու ճամբու կառուցման վայրին մէջ», ըսած է թուրք նախարարը Արցախի Հատրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Քարաիսմայիլօղլու յայտնած է, որ 30 մայիսէն ի վեր հանդիպումներ կ՛ունենայ Ազրպէյճանի մէջ:

«Երէկ մեզ ընդունած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Այսօր Ռաշատ Նապիեւի (Ազրպէյճանի փոխադրամիջոցներու նախարարն է) հետ մենք կը կատարենք Ղարաբաղի մէջ բոլոր անհրաժեշտ աշխատանքները: Շատ կարեւոր աշխատանք կը տարուի շրջանին մէջ: Մենք կ՛ուրախանանք Ազրպէյճանի յաղթանակով, ինչպէս պիտի ուրախանայինք սեփական յաղթանակով: Ապագային մենք, ինչպէս նախապէս, «մէկ ազգ` երկու պետութիւն» կարգախօսին տակ, փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ ձեռք բերուած փորձառութեան շնորհիւ, պիտի վերակենդանացնենք Ղարաբաղը: Փոխադրամիջոցային ենթակառոյցը, որ կը ստեղծուի այստեղ` երկաթուղիները եւ ցամաքային ճամբաները, շատ կարեւոր են Թուրքիոյ համար: Յոյսով ենք, որ աշխատանքները այստեղ պիտի աւարտին որքան կարելի է շուտ: Մենք պիտի նպաստենք այս հոլովոյթին: Երկու եղբայրական երկիրները մեծ ծրագիրներ պիտի իրականացնեն այս ոլորտին մէջ», նշած է թուրք նախարարը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլիթ Պահչելի յայտնած էր, որ իր կուսակցութիւնը կը հրաժարի Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու ծրագիրէն:

Նախորդը

«Թուրքիան Պիտի Չհրաժարի «Էս-400» Համակարգերէն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կրնան Յառաջիկային Հայ-Ազրպէյճանական Սահման Այցելել Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.