Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովիկ Խաչիկեանի` Վաստակաւոր Պարուսոյցին Մահը

June 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբի պարուսոյց, Հայաստանի Թաթուլ Ալթունեանի  անուան երգ ու պարի վաստակաւոր պետական անսամպլի գլխաւոր պալէ մայեսթրօ Յովհաննէս Խաչիկեանը նախորդ շաբաթ առյաւէտ բաժնուեցաւ այս աշխարհէն:

Յովհաննէս Խաչիկեան` Երեւանի պարարուեստի պետական քոլեճի հայկական ժողովրդական պարերու բաժինի ղեկավարն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչը Լիբանան հրաւիրուեցաւ չորս յաջորդական տարեշրջաններու եւ «Քնար»-ի ելոյթները ղեկավարեց: Խաչիկեանի ելոյթները, որոնք ներկայացուեցան «Էմիլ Լահուտ», «Մոնօ» եւ «Սաժես» սրահներուն մէջ, իրենց ինքնուրոյն դրոշմն ու տեղը ունին:

Պէտք է շեշտել, որ Համազգայինի նկատմամբ Խաչիկեանին ցուցաբերած մօտեցումը եւ միութեան առաքելութեան հանդէպ անոր վաստակը մեծ յարգանքի արժանի են:

Փաստը «Քնար» պարախումբի տղոց յաջորդական սերունդներուն պարի հանդէպ սէրն ու Համազգայինին կապուածութիւնն է:

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

Պէտք է ընդգծել, որ, Յովհաննէս Խաչիկեան Հայաստանի մէջ ունեցած իր վաստակին եւ արժէքին առընթեր, սփիւռքի մաշող սերունդներու դաստիարակութիւնը առաջնահերթ դասեց:

Ընտանիք, հայրենիք եւ պաշտօններ մէկ կողմ ձգած` եկաւ ու ծառայեց լիբանանահայ գաղութին, իրերայաջորդ սերունդներ բեմ բարձրացուց, անոնց մէջ վառ պահեց մշակոյթի, յատկապէս պարի նկատմամբ սէրը:

Անոր աշխատելաոճին ինքնուրոյն դրոշմը մինչեւ օրս կը մնայ մեր իրականութեան մէջ, ու անոր աշխատանքին վաստակը կը վայելենք բոլորս:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Շնորհակալական Նամակ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտընին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.