Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաքուն Կողմնակից Է Հայաստանի Հետ Սահմանազատում Եւ Սահմանագծում Կատարելու Մասին Առաջարկին` Տարածքային Ամբողջականութեան Պահպանումով» Կ՛ըսէ Ապտուլլայեւա

June 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն կողմնակից է միջազգային ընտանիքի` Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը խաղաղ ճամբով լուծելու եւ սահմանազատում ու սահմանագծում կատարելու մասին կոչերուն: «Ինթըրֆաքս»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա:

«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ կողմնակից ենք սահմանային լարուածութիւնը բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորելուն, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցինք միջազգային ընտանիքին կոչերուն` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատում եւ սահմանագծում կատարելու մասին: Ազրպէյճանը թեր արտայայտուած է նաեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով եռակողմ յանձնախումբ ստեղծելուն», կը նշուի Ապուլլայեւայի յայտարարութեան մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ վերջինս ընդգծած է, որ սահմանագծման եւ սահմանազատման կատարման ժամանակ անհրաժեշտ է յարգել երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Միայն գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան միջազգային օրէնքին պահպանումով կարելի է լուծել միջպետական յարաբերութիւնները, սկսիլ սահմանագծումն ու սահմանազատումը, եւ վերջապէս, ամուր հիմք դնել խաղաղ համակեցութեան համար», աւելցուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նախորդը

«Կովկասի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները Իրանի Համար Շատ Կարեւոր Են» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Յաջորդը

Ըստ Ազրպէյճանի Տեղահանուածներու Հարցերով Յանձնախումբի Նախագահին. Ազրպէյճան Պատրաստ Է Քննարկելու Հայերու Վերադարձը Արցախի Բռնագրաւեալ Տարածքներուն Մէջ Գտնուող Իրենց Տուները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.