Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով յայտարարեց. «Պաքուն կը զօրակցի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագծման համար եռակողմանի յանձնախումբ ստեղծելու Մոսկուայի առաջարկին, եւ ազրպէյճանական կողմը պատրաստ է Երեւանի հետ շինիչ աշխատանքի»:
«Ազրպէյճան սկսաւ իր սահմանային ենթակառոյցները ճշդելու եւ պատրաստ է Հայաստանի հետ սահմանագծումի հարցը շինիչ կերպով լուծելու», ըսաւ Ասատով:



