Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓՈՐ ՍԱՅԻՏԻ ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԵՑԱՆ

February 3, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եգիպտոսի խորհրդարանի արտակարգ նիստէն պահ մը

Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ Ահլի եւ Մասրի ֆութպոլի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին յառաջացած եւ 80 զոհ պատճառած բռնարարքներէն ետք, նշեալ քաղաքէն եւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պաշտօնազրկուեցան:

Փոր Սայիտի կառավարիչը հրաժարեցաւ, իսկ քաղաքի ապահովութեան ղեկավարն ու հետաքննութեանց բաժանմունքի ղեկավարը ձերբակալուեցան:

Գահիրէի մէջ ցուցարարներ բողոքի հաւաք մը կազմակերպելով պաշարեցին խորհրդարանի շէնքը: Իսլամ եղբայրներուն մօտիկ «Մասր 25» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ցուցարարները արգելք կը հանդիսանան, որ երեսփոխանները շէնքէն հեռանան:

Երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ:

Խորհրդարանը դէպքերուն շուրջ արտակարգ նիստ մը գումարեց: Խորհրդարանի  նախագահ Մոհամետ Սաատ Քաթանի յայտնեց, որ խռովարարութիւնները «սատանային արարքն են», եւ Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը «վտանգուած է»: Խորհրդարանականները ապահովական մարմինները ամբաստանեցին թերացումի յանցանքով:

Վարչապետ Քամալ Ժանզուրի խորհրդարանին յայտնեց, որ Ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը պաշտօնազրկուած է, ֆետերասիոնը լուծարուած է եւ անոր անդամները դատախազներու կողմէ հարցաքննութեան տարուած են: Եգիպտոսի դատախազութիւնը հրամայեց այս հարցով հարցաքննել 52 անձեր, որոնց շարքին են Փոր Սայիտի կառավարիչն ու քաղաքի ապահովական մարմինի ղեկավարը:

Նախորդը

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ «ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ» ՄԵՏԱԼՈՎ

Յաջորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑՆԵՆ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.