Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազայի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Շարունակուի Եւ Պիտի Փոխէ Հաւասարակշռութիւնը» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

May 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի, եւ այդ օրերէն ետք հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխուի»:

Արեւմտեան լաւատեղեակ աղբիւրներ նախքան Նեթանիահուի յայտարարութիւնը նշած էին, որ Նեթանիահու ամերիկեան վարչակազմէն երկու կամ երեք օրուան յաւելեալ ժամանակ խնդրած է Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութիւնը աւարտելու: Ամերիկացիները կիրակի եւ երկուշաբթի օր իրմէ պահանջած են վերջ տալ Կազայի դէմ յարձակումին, իսկ ինք պատասխանած է, թէ տակաւին երկուքէն երեք օրուան կը կարօտի իսրայէլեան բանակին կողմէ Կազայի մէջ ճշդուած թիրախներու հարուածները ամբողջացնելու համար: Նշեալ աղբիւրները չհաստատեցին, եթէ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը այսօր կամ վաղը պիտի դադրի՞, թէ՞ ոչ:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերահաստատած է «Իսրայէլի` անկանոն հրթիռային յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելուն նկատմամբ իր հաստատ զօրակցութիւնը»: Սպիտակ տունը աւելցուց, որ Պայտըն ողջունած է Երուսաղէմի մէջ յարանուանական բռնարարքներուն վերջ տալու եւ կայունութեան հաստատման համար թափուած ջանքերը, եւ Իսրայէլը քաջալերած «անմեղ քաղաքայիններուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար ամէն ջանք թափելու»:

Երկու ղեկավարները քննարկած են Համասի դէմ «իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը»:

Պայտըն զօրակցութիւն յայտնած է զինադադարի հաստատման եւ քննարկած «Միացեալ Նահանգներու Եգիպտոսի եւ այլ գործընկերներու հետ այդ նպատակի իրագործման աշխատանքին լծուած ըլլալը»: Երկու կողմերը համաձայնած են «սերտ հաղորդակցութիւնները շարունակելու»:

Միւս կողմէ, Իսլամական ժիհատ շարժումը յայտարարեց, որ մեծաթիւ հրթիռներ արձակած է Թել Աւիւի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ հրթիռներ արձակած է Ստերոթի, Աշքալոնի եւ Լախիշի ուղղութեամբ` հակադարձելով իսրայէլեան հրետանիի Կազայի մէջ Խան Եունեսի արեւելքը գտնուող Զանա, Քարարա եւ Խազաա շրջաններու ռմբակոծման:

«Քասսամ»-ի փաղանգները յայտարարեցին, որ հրասանդի հրթիռներով ռմբակոծած են իսրայէլեան բանակի «Սոֆա» դիրքը եւ հրթիռներով ռմբակոծած Օվաքիմ բնակեցման վայրը, իսկ «Նահատակ Ապու Ալի Մուսթաֆա» փաղանգները յայտարարեցին, որ զինուորական «Մալիքա» դիրքին վրայ հաւաքուած հրասայլներ հարուածած են:

«Քուտս»-ի ջոկատները յայտարարեցին, որ քանդումը քանդումով պիտի դիմակայուի, ռմբակոծումը` ռմբակոծումով եւ սարսափը` սարսափի աճով:

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Իրանի Դեսպանը Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Կացութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.