Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական Մարզական Առցանց Ա. Համագումարը 22 Յուլիսը Հռչակեց «Հայ Մարզիկի Օր»

May 17, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, իր աշխատանքները շարունակեց շաբաթ մը առաջ ընթացք առած համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական առցանց Ա. համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան 22 շրջաններու մարզական պատասխանատուներու, Թեհրանի ՀՄԱԿ եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Համագումարի առաջին երկու նիստերուն միութեան մարզական ընդհանուր իրավիճակը քննելէ ետք, երրորդ եւ չորրորդ նիստերուն մասնակիցները օրակարգի վրայ ունեցան հրատապ կարեւորութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցեր. ՀՄԸՄ-ի մարզական առաքելութիւնը այսօր, 2021-ի աշնան առցանց խաղերու կազմակերպման ծրագիրը, «Քորոնա»-ի համաճարակին ազդեցութիւնը մարզական կեանքին վրայ, «Հրաշք»-ի փորձառութիւնը (յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու մարզախաղեր) եւ 2022-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած համա-ՀՄԸՄ-ական ԺԱ. մարզախաղերը (ծրագիր, յայտագիր, նախապատրաստական, դաստիարակչական եւ բարեսիրական աշխատանքներ եւ այլն):

Համագումարին սկիզբը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան հանդէս եկաւ միութեան մարզական առաքելութիւնը ներկայացնող ելոյթով մը, ուր շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի համար մարզախաղերը միջոց են եւ ոչ թէ նպատակ, որովհետեւ ՀՄԸՄ սովորական մարզական ակումբ մը չէ, ուր մարզիկներ յաճախեն, մրցումներ կատարեն, յաղթեն ու պարտուին: «ՀՄԸՄ հայապահպանման աշխատանքին լծուած եւ մեր ընդհանրական նպատակներուն իրականացման ծառայող մարմնակրթական միութիւն մըն է` իր իւրայատուկ նկարագիրով, գործելաձեւով եւ ոգիով», ըսաւ ան:

Օրակարգի կէտերու քննութեան ընթացքին, մասնակիցները դիտեցին համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու 40 տարիները եւ «Հրաշք»-ի մարզախաղերը ներկայացնող տեսանիւթերը: Առաջարկներու բաժինով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մարզական եռանդամ մարմինի անդամ Տիրան Վահրատեան ներկայացուց 22 յուլիսը` միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը «Հայ մարզիկի օր» հռչակելու առաջարկը, որպէսզի այսուհետեւ ամէն տարի այդ թուականին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը յիշէ եւ պատուէ անցեալի ու ներկայի իր բոլոր մարզիկ-մարզիկուհիները, որոնք պատուաբեր յաջողութիւններով միութեան ճամբով հայութեան անունը բարձր կը պահեն ամէնուր: Առաջարկը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ եւ իր արժանի տեղը գտաւ միութենական տօնակատարութիւններու տօնացոյցին մէջ:

Համագումարի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից բոլոր շրջաններուն, ներկայացուցիչներուն, համագումարը իրականացուցած մարզական, քարոզչական եւ թեքնիք յանձնախումբերուն` շեշտելով, որ միութեան պատմութեան մարզական առաջին համագումարը մեկնակէտը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի մարզական աշխատանքներու վերակազմակերպման, մարզիկներու եւ մարզիչներու յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներու մշակման, ինչպէս նաեւ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու յաւելեալ զարգացման:

Այնուհետեւ, համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական առցանց Ա. համագումարը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով:

Նախորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Արարատ-Երեւան Տիտղոսակիր` 13 Տարի Ետք

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 17 Մայիս 2021)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.