Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին («ՖԻԱ») մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Թուրքիա զրկուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրիներէն մէկը հիւրընկալելու իրաւունքէն:
Ասիկա հետեւանք է Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի մեծ աճին եւ այդ պատճառով երկիրը Անգլիոյ կառավարութեան «կարմիր ցանկ»-ին վրայ յայտնուելուն:
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք այդ կրան փրին տեղափոխուեցաւ Աւստրիա:
Այսպիսով, Աւստրիա պիտի հիւրընկալէ երկու կրան փրի: Առաջինը` 27 յունիսին, մինչ երկրորդը` 4 յուլիսին:
Նշուեցաւ, որ այս տարի Ֆրանսայի կրան փրին տեղի պիտի ունենայ նախատեսուածէն մէկ շաբաթ առաջ` 20 յունիսին:
Այս պատճառով ալ Թուրքիա կը ստանայ երկրորդ զօրաւոր հարուածը, որովհետեւ 29 մայիսին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը Պոլիսէն տեղափոխուեցաւ փորթուգալեան Փորթօ քաղաքը:



