Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կարիք Ունինք Խենթերու

May 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐՕՏ ՆՈՐԱՄԱՆԵԱՆ

Մայիս 9-ն է, ճիշդ 6 ամիս առաջ ստացանք ցնցիչ լուր մը, որ ընդմիշտ փոխեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը: Այդ լուրը չէր նշանակեր պարտուած ենք, այլ` դաւաճանուած: Գիտէք, պարտութեան գաղափարին հետ աւելի դիւրին է ընտելանալ, անիկա կրնայ վերածնունդի, վերամիաւորման նոր թափ մը յառաջացնել ժողովուրդի մը մէջ: Սակայն դաւաճանութիւնը…  միայն մէկ բան կրնայ յագուրդ տալ անոր` վրէժխնդրութիւնը: Թիկունքէն հարուած ստացող ազգի մը որեւէ քայլ այս պարագային արդարացուած է:

Հիմա զիս կը մտահոգէ քանի մը երեւոյթ: Ինչո՞ւ տակաւին այս ոճիրին պատասխանատուները իրենց տեղերն են, անպատիժ: Չէ՞ որ 6 ամիս է հայրենիք կորսնցուցած ենք: Կը փորձեմ դիւանագիտօրէն մօտենալ այս հարցին, սակայն իշխանութիւնները օրէ օր կու գան հասկցնելու, որ անհնար է այլեւս զիրենք հանդուրժել:

Լա՛ւ, վայրկեանուան մը համար մէկ կողմ դնենք իշխանութիւնները: Ո՞ւր է ժողովուրդը: Ինչպէ՞ս այսքան արագ կրցաւ ընտելանալ այս իրավիճակին: Կրնա՞յ ըլլալ հող կորսնցնելը սովորական երեւոյթ մըն է, եւ ես եմ աւելորդ չափազանցութիւններ ընողը: Կամ աւելի գէշ, կրնա՞յ ըլլալ անտարբերութիւնը գլուխը առած գացած է: Մեծապէս պիտի փափաքէի, որ առաջինը ըլլար պարագան: Բայց, դժբախտաբար, միայն անտարբերութիւնն է, որ կրնայ ժողովուրդ մը այսքան շուտ իր բնականոն կեանքին վերադարձնել:

Մեր նահատակ հերոսներէն ներողութիւն կը խնդրենք: Կը կարծէ՞ք արժանի ենք անոնց ներողամտութեան: Ի՞նչ պիտի ըսէին արդեօք Թեհլիրեանները, Շիրակեանները` տեսնելով մեր այսքան լուռ եւ «քաղաքակիրթ» կեցուածքը: Ինչո՞ւ հաշուետուութիւն չենք պահանջեր:

Այս հարցումներուս պատասխանը խօսքերով չեմ ակնկալեր այլեւս, այլ գործով: Կարգախօսերը անիմաստ են, երբ մարդ չկայ զանոնք գործադրող: Ազգային երգերը եռանդով մտիկ ընելը չի բաւեր պայքար մը յաղթելու:

Այս ճգնաժամին մեզի խենթեր են հարկաւոր, որովհետեւ, ինչպէս յիշուած է Մալխասի 1920 թուականին գրուած, սակայն այնքան արդիական «Զարթօնք» վէպին մէջ` «այլասիրական բարձր գաղափարականութեամբ ոգեւորուած խենթ մարդիկ միայն կրնան ազգային վերածնունդը դարբնել»:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

3 Մեռելոց

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.