Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը շնորհաւորեց մարոնի համայնքի նոր ձեռնադրուած երեք եպիսկոպոսները` Միշել Աունը, Մունիր Խէյրալլան եւ Էլիաս Սլէյմանը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան մասնակցեցաւ բարեկարգումի եւ ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող խորհրդաժողովի մը:
Մարոնի եպիսկոպոսները մտահոգութիւն յայտնեցին շրջանային տագնապալի իրավիճակին առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին բոլոր լիբանանցիներուն` ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը եւ պետական գերիշխանութիւնը` որդեգրելով դրական չէզոքութիւնը, որպէսզի Լիբանան մնայ երկխօսութեամբ իր հարցերը լուծող եւ բոլորին հետ մերձեցումի պատրաստ երկիրը:
Յայտնենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ 10 փետրուարին Կիպրոս կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:


