Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1012 վարակուածներ եւ մահացած 22 ուրիշներ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապի կողմէ հրապարակուած շրջաբերականի մը համաձայն, երեքշաբթի, 25 մայիս 2021-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին առիթով: Այլ շրջաբերականով մը Տիապ նշեց, որ Ֆիթրի տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւնները փակ կը մնան տօնին երկու տարբեր առաջին եւ երկրորդ օրերուն ընթացքին` ըստ Տար Ֆաթուայի եւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի յայտարարած օրերուն: «Իսկ եթէ պատահի, որ երկու հեղինակութիւններուն կողմէ Ֆիթրի տօնին առաջին օրը նոյն օրուան զուգադիպի, ապա հաստատութիւնները միայն երկու օր կը փակուին», կը նշէ շրջաբերականը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, 95 օքթանը` 500 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 600 լ. ոսկիով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի ընդունեց հաղորդակցութեան նախարարի պաշտօնակատար Թալալ Հաուաթը, որուն հետ քննարկեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին վերաբերող հարցեր:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ կոչ ուղղեց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու, ինչպէս նաեւ պահպանելու լիբանանցի ժողովուրդին գոյատեւումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց որ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի փակուղի: Ան կարեւոր նկատեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի ընտրանքները սահմանափակ են: «Հարիրի պէտք է առանց նախապայմանի կառավարութիւն կազմէ, կամ ալ հրաժարի», ըսաւ ան:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Անսար Ակումբն Ու Մարզական Ֆետերասիոններուն Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.