Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Ընթացիկ Նիստը Կը Զօրակցի Նպաստը Հասցէագրելու Քաղաքականութեան

May 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ անիրաւութիւն նկատուեցաւ երկրին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հասունացնելու համար արտաքին պայմաններու բարեփոխման սպասումը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նշանակուած վարչապետը պէտք է նախաձեռնէ կառավարութեան լրիւ կազմի մը ներկայացման` յստակ նշելով նախարարութիւններն ու զանոնք զբաղեցնող յարանուանութիւնները, ինչպէս նաեւ ճշդելով այն հեղինակութիւնները, որոնք պիտի անուանեն անկուսակցական մասնագէտ նախարարներու թեկնածուները:

Հզօր Լիբանան համախմբումը հաստատեց, որ 7 ամիս առանց այս չափորոշիչները ճշդելու մնալը ազգային ոճիր է: «Ճիշդ է, որ օտար երկիրներուն կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք ելեւմտական եւ բարեկարգումի ծրագիրները կարեւոր են, սակայն այս ճակատագրական փուլին կարեւոր է նաեւ կազմել կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն միջեւ անկեղծ երկխօսութեան ծնունդ է, ինչպէս նաեւ վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ գոյացած համախոհութեան ծնունդ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն` Հզօր Լիբանան համախմբումը նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահը իր ճկուն եւ ամուր կեցուածքով կրցած է պատին մէջ ճեղք մը յառաջացնել եւ բանակցութիւններուն նոր թափ տալ: «Հանրապետութեան նախագահին առած քայլին կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ ան բանակցութիւնները մղեց վերսկսելու առանց Լիբանանի ունեցած փաստաթուղթերէն զիջելու», կը նշէ Հզօր Լիբանան համախմբումի հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը ընդգծեց նաեւ, որ ինք կը զօրակցի պետութեան կողմէ քաղաքացիներուն տրամադրուած նպաստը հասցէագրելու քաղաքականութեան, միւս կողմէ` խստիւ քննադատելով Ելեկտրականութեան ընկերութեան առ հաշիւ գումար տրամադրելու քայլը կասեցնելու Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը, որ հետեւանք էր Հզօր հանրապետութիւն պլոքին ներկայացուցած վիճարկումին:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Նպաստը Շարունակելու Նպատակով Պահեստի Գումարներու Օգտագործումը Ապօրինութիւն Է»

Յաջորդը

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու Ընտանիքներուն Բողոքի Նստացոյցը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.