Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքները առաջին երեք դիրքերուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չբերին` նկատի ունենալով, որ յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, յաղթանակներ արձանագրեցին:
Մարքոս Լիորենթէի նշանակած կոլին շնորհիւ (23-րդ), Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էլչէի դաշտէն:
Ինչ կը վերաբերի Ռէալ Մատրիտին, անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օսասունային: Էտեր Միլիթաօ (76-րդ) եւ Քազեմիրօ (80-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Պարսելոնա իր յաղթանակը արձանագրեց Վալենսիայի դաշտին վրայ` 3-2 արդիւնքով:
Լիոնել Մեսսի (57-րդ եւ 69-րդ) եւ Անթուան Կրիզման (63-րդ) նշանակեցին քաթալոնական կազմին կոլերը:
Երէկ նշուեցաւ, որ Վալենսիայի գլխաւոր մարզիչ, 51 տարեկան Խաւի Կարսիա պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Աթլեթիքօ Մատրիտ ունի 76 կէտ, մինչ Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա` 74-ական կէտ:


