Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Ազգայնամոլ Երեսփոխանը Փայլանին Սպառնացած Է Թալէաթի Ժամանակներու Վերադարձով

April 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թուիթըրեան մենամարտ» տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլանի եւ թուրք ազգայնամոլ գործիչ, երեսփոխան, «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման քաղաքական կառոյցի` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախկին, իսկ այժմ ազգայնամոլական մէկ այլ կուսակցութեան` «Լաւ» կուսակցութեան երեսփոխան Ումիթ Էօզտաղի միջեւ:

Փայլան 24 ապրիլին գրած էր. «106 տարի ետք ալ Ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալէաթ փաշայի անուան պողոտաներէն կը քալենք, մեր երեխաները Թալէաթ փաշայի անունով դպրոցներ կը յաճախեն: Եթէ Գերմանիոյ մէջ ալ այսօր Հիթլերի անուան պողոտաներ ըլլային, Հիթլերի անունով դպրոցներուն մէջ երեխաներ սորվէին, մենք պիտի ապրէինք այնպիսի Գերմանիոյ մէջ, ինչպիսին այսօր Թուրքիան է»:

Ատոր ի պատասխան` Էօզտաղ Փայլանը կոչած էր «անդաստիարակ, սադրիչ մարդ»: «Եթէ գոհ չես, կորսուիր գրողի ծոցը: Թալէաթ փաշան ոչ թէ հայերը, այլ կռնակէն խփողները վտարած է: Պիտի գայ ժամանակը, որ դուն ալ Թալէաթ փաշայի փորձը պիտի զգաս ու պէտք է զգաս», գրած էր ան, որմէ ետք արժանացած էր նոյնիսկ իր համաքաղաքացիներու քննադատութեան:

Փայլան այդ գրառումին պատասխանած է հետեւեալ ձեւով. «Իմ ժողովուրդս ոչնչացնող տեսակէտի մնացորդը կ՛ըսէ` «դարձեալ պիտի ընենք»: Դուք խփած էք, մենք չե՞նք մահացած: Մահացած ենք: Սակայն մնացածները չեն հրաժարած արդարադատութեան պայքարէն: Ինձմէ ետք ալ պիտի չհրաժարին: Այս երկրի` խիղճ ունեցող մեծամասնութիւնը քեզի նման ֆաշականը չեն արտօնած հրապարակը եւ դարձեալ պիտի չձգեն»:

Ատկէ ետք Էօզտաղ Փայլանը կոչած է «(Թուրքիոյ մէջ) դաշնակցականի մնացորդ, ԱՍԱԼԱ-ի շարունակութիւն եւ ՔԱԿ-ի կողմնակից, որոնք հարիւր հազարներով թուրքեր կոտորած են»: «Քու արեանդ մէջ դաշնակցական ԱՍԱԼԱ ՔԱԿ-ի ժահր կը շրջի, դուն թուրք ազգի թշնամին ես», Փայլանի հետ «մենամարտը» եզրափակած է Էօզտաղ, ապա անդրադարձած է շարք մը թուրք եւ օտարազգի գործիչներու իրեն ուղղուած քննադատական գրառումներուն:

 

Նախորդը

«Իրանն ու Միացեալ Նահանգները Կ՛ուսումնասիրեն Բանտարկեալներու Փոխանակման Ուղիները» Կ՛ըսէ Ռապիհի

Յաջորդը

Էրտողան Ռուսիան Մեղադրած Է Գերմանացիներն Ու Հրեաները Բնաջնջելու Յանցանքով

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.